ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԷՋ ՏԱՂԱՒԱՐԻ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Գա­րա­կէօ­զեան Տան Գնա­լը կղզիի Կազ­դուր­ման կա­յա­նին մէջ ե­րէկ Ս. Աս­տուա­ծած­նի տօ­նին առ­թիւ ապրուե­ցաւ մեծ հրճուանք։ Ըստ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ձե­ւա­ւո­րուած նա­խըն­թա­ցին, Վե­րա­փոխ­ման տօ­նին օ­րը կա­յա­նի «Գրի­գոր Ճամ­պա­զեան» խա­ղա­վայ­րին մէջ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ քէր­մէս մը։ Գնա­լը կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տա­ղա­ւա­րի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցած կղզեբ­նակ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ար­ձա­կուե­լէ ա­ռաջ այ­ցե­լե­ցին նաեւ Կազ­դուր­ման կա­յան՝ շրջե­լով քէր­մէ­սի տա­ղա­ւար­նե­րը։ Թէ՛ Խնա­մա­տար մարմ­նի եւ թէ Տիկ­նանց կազ­մի ան­դամ­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ դի­մա­ւո­րե­ցին այ­ցե­լու­նե­րը։ Կա­յա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն ձե­ռա­գործ­ներն ու լու­սան­կար­չա­կան աշ­խա­տանք­ներն ալ ցու­ցադ­րուե­ցան նոյն շար­ժա­ռի­թով։ Այ­ցե­լու­նե­րը ի­րենց գնա­հա­տան­քը ար­տա­յայ­տե­ցին սա­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն հա­մար, նաեւ ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թիւն ցոյց տուին ի­րենց տրա­մադ­րու­թեան տակ դրուած ի­րե­ղէն­նե­րուն նկատ­մամբ։

Քէր­մէ­սի պա­տաս­խա­նա­տու­ներն էին. Մա­թիլ­տա Ֆրա­տօղ­լու, Լեռ­նա Փա­փա­զեան, Լա­րա Էօ­զէր, Մա­րի Քում, Լի­զա Չաւ­տար, Րաֆ­ֆի Քալք, Մե­րի Քա­սը­մօղ­լու, Ով­սան­նա Քա­լէն­տէր, Նո­րա Քում­րալ, Վար­դան Յով­հան­նէ­սեան, Ա­լա­րա Մի­րի­ճա­նեան, Ե­րազ Չաղ­լա­յան, Սե­դա Մըխ­ճեան, Թա­մար Տէ­միր­ճի, Թա­լին Փա­փա­զեան, Իլ­տա Տէ­յիր­մէն­թաշ, Նա­րօտ Տէ­միր­ճի, Լի­զի Չեր­մէ, Ա­լին Քում­րալ, Հռիփ­սի­մէ Պա­քեան, Նա­զե­նի Թըր­թըր, Թա­լին Շի­րին­փը­նար, Թա­լին Աք­կիւն եւ Սա­րա Ներ­կիզ։

(Լուսանկարներ՝ Սեսիլ Գահվէճիօղլու եւ Կազդուրման կայանի տնօրէնութիւն։)

 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 17, 2015