ԹՐՔԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ ԱՊՐԵՑԱՒ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Թրքահայութիւնը շաբաթավերջին հոգեւոր հրճուանքի, խանդավառութեան մթնոլորտի մէջ նշեց Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարը։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս մեր ժողովուրդը Սուրբ Աստուածածնի տօնի խորհուրդով փութաց մեր եկեղեցիները։ Դժբախտաբար, քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով, այս տարի ամրան եղանակին զուգադիպած այս տաղաւարը եւս նշուեցաւ որոշ սահմանափակումներով։

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման առթիւ այցելեց Վաքըֆլըգիւղ։ Սա, միեւնոյն ժամանակ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առաջին հովուապետական այցելութիւնը հանդիսացաւ եւ մեծ եռուզեռ ստեղծեց գիւղէն ներս։ Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը նախագահեց երէկուան արարողութիւններուն եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Ինչպէս ծանօթ է, Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը միեւնոյն ժամանակ Վաքըֆլըգիւղի համանուն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան կը զուգադիպի։ Թէեւ սահմանափակումներով, սակայն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ նաեւ Վաքըֆլըգիւղի տօնական աւանդական խրախճանքը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խաղողի ողկոյզներու առընթեր օրհնեց նաեւ աւանդական հարիսայի կաթսաները։ Վաքըֆլըգիւղի մէջ Ս. Պատարագը մատոյց տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Երգեցողութիւնները գլխաւորեց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, որ կ՚ուղեկցէր Նորին Ամենապատուութեան։

Վաքըֆլըգիւղի տօնակատարութիւններուն առընթեր, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շաբաթավերջի կեցութեան ընթացքին ունեցաւ նաեւ շարք մը պաշտօնական հանդիպումներ։

Քաղաքիս մէջ ալ բազմաթիւ մեր եկեղեցիներուն մէջ Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը նշուեցաւ աւանդական շուքով։ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին ամրան շրջանին համախմբեց հաւատացեալները։ Ս. Պատարագը մատոյց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ Խաղողօրհնէք։

Կարգ մը թաղերու մէջ օրհնուած խաղողի ողկոյզները բաժնուեցան հաւատացեալներուն, իսկ կարգ մը թաղերու մէջ չբաժնուեցան։ Այս պարագան յաչս հաւատացեալներուն որոշ հակասութեան մը տպաւորութիւնը ստեղծեց, սակայն բոլորը ըմբռնումով ընկալեցին ստեղծուած իրավիճակը՝ հաշուի առնելով, որ համաճարակէ պաշտպանուիլը մեծ կարեւորութիւն ունի նաեւ մեր հոգեւոր կեանքը կենսունակ պահելու տեսակէտէ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 17, 2020