ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՆԱՏԻԱ ԿԻՒԼՄԷԶԿԻԼ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ՄԱՀՈՒԱՆ Բ. ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ

Երէկ, Շիշլիի գերեզմանատան մէջ ոգեկոչուեցաւ մեր համայնքի իսկապէս սիրելի անդամուհիներէն լուսահոգի Նատիա Կիւլմէզկիլ, որու անթառամ յիշատակը բոլորը ցայսօր կը կրեն իրենց սրտին մէջ։ Նատիա Կիւլմէզկիլի անժամանակ մահը երկու տարի առաջ խոր ցաւ պատճառած էր մեր ամբողջ համայնքին եւ այդ վէրքը տակաւին չէ սպիացած։ Երէկ, ան ոգեկոչուեցաւ իր մահուան Բ. տարելիցին առթիւ։ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցած հոգեհանգստեան պաշտօնին նախագահեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան եւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։ Համայնքային շրջանակներէն հոծ թիւով ներկայացուցիչներ համախմբուեցան հանգուցեալ Նատիա Կիւլմէզկիլի բարոյական ներկայութեան շուրջ։ Ներկաներու շարքին էր նաեւ Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ։

Հոգեհանգստեան պաշտօնի բոլոր մասնակիցները նաեւ ջերմօրէն շրջապատեցին բարեյիշատակ Նատիա Կիւլմէզկիլի ամուսինը՝ յայտնի համայնքային բարերար ու Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլը, ինչպէս նաեւ Մելիսսա-Ալէն Պաղ ամոլն ու զաւակները։ Հարկ է նշել, որ երէկուան հոգեհանգստեան պաշտօնին զուգահեռ օրհնուեցաւ նաեւ Նատիա Կիւլմէզկիլի նորակերտ շիրիմը։ Արդարեւ, ընտանիքը վերջերս շատ բարձր ճաշակով վերակառուցած էր հանգուցեալին գերեզմանը։ 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2018