ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԿԱՆՈՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԵՑԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ

Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութեան մէջ երէկ գիշերուան դրութեամբ կատարուեցան փոփոխութիւններ եւ լրամշակումներ։ Այս բոլորը ուժի մէջ մտան՝ Պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակուելով։

Շաբաթ մը առաջ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչները Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի հետ ծաւալուն խորհրդակցութիւն մը ունեցած էին կանոնադրութեան հրապարակումէն վերջ ստեղծուած խնդիրներուն շուրջ։ Նախարարին հետ կատարուած հանդիպման ընթացքին գոյացած փոխըմբռնման հիման վրայ առնուած որոշումները ունեցած են իրենց ցոլացումը կանոնադրութեան բովանդակութեան վրայ՝ այս նոր փոփոխութիւններով եւ յաւելումներով։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 17, 2022