ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԿՈՂՄԷ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը 2024-2025 ուսումնական շրջանի վերամուտին երախտագիտութեան տուրք մատոյց խումբ մը նուիրեալ դէմքերու, որոնք թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի արդի տարեգրութեանց մէջ ուրոյն տեղ ապահոված են իրենց ներդրած ջանքով եւ եռանդով։ Այսպէս, թաղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին մեծարուեցան վարժարանի քարտուղարուհի Այտա Թաթարեան, հայերէնի ուսուցչուհի Հերա Իսքէնտէրօղլու, անգլերէնի ուսուցչուհի Աստղիկ Պալըքճըօղլու եւ ուղեցոյց Սթելլա Պենսասոն։ Հարկ է նշել, որ Այտա Թաթարեան քառասուն տարիէ ի վեր անխոնջ ծառայութիւն կը մատուցէ դպրոցին՝ որպէս քարտուղարուհի։ Ան իր յուշանուէրը ստացաւ՝ ձեռամբ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրի։

Հերա Իսքէնտէրօղլու, որ յուշանուէրը ստացաւ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի ձեռամբ, 25 տարիէ ի վեր բոլորանուէր ծառայութիւն կը մատուցէ՝ որպէս հայերէնի ուսուցչուհի։ Ան միշտ բարձր գնահատանքի արժանացած կրթական մշակ մը եղած է եւ պոլսահայ կրթական համակարգէն ներս բարի համբաւ ձեռք բերած՝ իր մարմնաւորած կերպարով։ Սթելլա Պենսասոնի յուշանուէրը յանձնուեցաւ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Նուրհան Փալաքօղլուի կողմէ։ Իսկ Աստղիկ Պալըքճըօղլու, որ նոյնպէս արդիւնաւէտ գործունէութիւն ծաւալած է՝ որպէս անգլերէնի ուսուցչուհի, յուշանուէրը ստացաւ ձեռամբ՝ թաղային խորհուրդի անդամուհիներէն Ժիւլիէթ Տեմիրճիօղլուի։

Վերամուտի փուլին Ֆրիգիւղի ընտանիքը այս չորս երախտաւորները մեծարելու ժամանակ արտայայտեց նաեւ իր սպասումը, որպէսզի անոնք տակաւին երկար տարիներ նոյն եռանդով ու բազմապատիկ փորձառութեամբ կարողանան իրենց սպասաւորութիւնը բերել դպրոցին։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2024