ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ
Թուրքիոյ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան վարչութեան ատենապետ Իհսան Էօզպէք ընկերակցութեամբ անդամներ՝ Պեհնան Քոնութքանի, Տանիէլ Կիւնայի, Ռեֆիք Թոփճուի եւ Ալի Քալքանտելէնի, այցելեցին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի կողմէ։ Այցելութեան ներկայ եղաւ նաեւ Պատրիարքարանի Միջեկեղեցական-միջկրօնական բաժանմունքի տեսուչ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան։
Նորընտիր վարչութիւնը քաղաքիս քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր կեդրոններուն քաղաքավարական այցելութիւններ կու տայ։ Այս շրջագծով՝ հիւրերը փափաք յայտնած էին այցելել նաեւ Պատրիարքարան։ Այցելուները տեղեկութիւններ տուին վարչութեան գործունէութեան մասին։ Զրոյցի ընթացքին տեղի ունեցան հասարակ հարցերու մասին գաղափարի փոխանակումներ։ Այս առթիւ փոխանցուեցաւ նաեւ Պատրիարքական Աթոռին կարգ մը գանգատները։ Հիւրերը սոյն հարցերու լուծման համար իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին։
Արամ Սրբազան իր ուրախութիւնը յայտնեց տրուած այցելութեան համար։ Շնորհաւորեց նորընտիր վարչութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց իր գործունէութեանց մէջ։
Իր կարգին, Սահակ Սրբազան եւս ընդգծեց, թէ եկեղեցիներու միութեան համար կատարուած բոլոր աշխատութիւնները կարեւոր են։ Այս առումով ինք եւս նորակազմ վարչութեան յաջողութիւն մաղթեց՝ իրենց աստուածահաճոյ գործունէութեանց մէջ։