ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԲԱՑՈՒՄ

Ս․ Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի ման­կա­կան ու պա­տա­նե­կան կազ­մե­րը ե­րէկ պաշ­տօ­նա­պէս բա­ցին ի­րենց նոր ե­ղա­նա­կը։ Թա­ղի պա­տա­նի­ներն ու մա­նուկ­նե­րը հա­ւա­քուե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ «Շի­րի­նօղ­լու», «Ա­լա­ճա­ճեան» սրահ­նե­րուն եւ վեր­նա­տան մէջ։ Պա­տա­նե­կան կազ­մի աշ­խա­տանք­նե­րը կը գլխա­ւո­րեն խմբա­վար Յով­սէփ Գու­յում­ճեան ու եր­գե­հո­նա­հարուհի Լիւ­սի Գահ­վէ­ճիօղ­լու։ Իսկ ման­կանց կազ­մի աշ­խա­տաք­նե­րը կ՚ի­րա­կա­նա­ցուին Յու­սիկ Սաք­մա­նի մա­կա­նին ներ­քոյ, Շանթ Էս­մէ­րի դաշ­նա­մու­րի նուա­գակ­ցու­թեամբ։ Ան­շուշտ, կա­տա­րե­լի աշ­խա­տաք­նե­րուն կը հսկէ Ս․ Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի խմբա­վար Ատ­րու­շան Սրկ․ Հա­լա­ճեան։

Նոր ե­ղա­նա­կի խանդավառ բաց­ման առ­թիւ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ․ Զօհ­րապ Քհնյ․ Ճի­վա­նեանն ալ իր օրհ­նու­թիւ­նը տուաւ վա­րիչ­նե­րուն, պա­տա­նի ու մա­նուկ ան­դամ­նե­րու­ն։

Յաջողութիւն կը մաղթենք։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2015