ՆՈՒԷՐ՝ ԸՆԹԵՐՑՈՂԱՑ
Թերթին խմբագրութիւնն ու վարչութիւնը համախոհաբար որոշած են նախաձեռնել՝ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն լոյս տեսած հերթական գիրքը մեր ընթերցողներուն տրամադրելու գործին։ Ինչպէս ծանօթ է, յիշեալ մատենաշարին շրջագծով բոլորովին վերջերս հրատարակուեցաւ «Կեսարիա» անուն գիրքը, որու հեղինակն է մեր գրականութեան անմահ անուններէն մին՝ Վահան Թէքէեան։ Գիրքին բովանդակութիւնը, ըստ էութեան, կը բաղկանայ Վահան Թէքէեանի կողմէ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին բերուած աշխատակցութենէն։ Ծանօթ է, որ Թէքէեան անցեալի մէջ խմբագրած է «Ժողովուրդի Ձայնը-ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթը։ Ինչպէս այս մատենաշարի նախորդ գիրքերու պարագային եղած էր՝ այս անգամ եւս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութիւնն ու վարչութիւնը որոշած են կտրօններու փոխարէն զայն տրամադրել մեր ընթերցողներուն։ Այսպէս, «Կեսարիա» գիրքը երեսուն կտրօնի փոխարէն պիտի տրամադրուի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներուն։ Առաջին կտրօնը արդէն կարելի է գտնել այսօրուան չորրորդ էջին վրայ։