ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԸ ԲԱՑԱՒ ԲԱՐՁՐ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ

Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը վերջին օրերուն ձեռնարկեց նոր եղանակի աշխատանքներուն՝ գլխաւորութեամբ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի։ Նոր եղանակի բացման առթիւ երգչախումբի անդամները համախմբուեցան Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան ողջունեց երգչախումբի բոլոր անդամները եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց յառաջիկայ աշխատանքային շրջանին համար։ Խումբի անդամներն ալ զիրար վերագտնելու ուրախութեան մէջ էին եւ արդէն նոյն եռանդով գործի լծուեցան՝ իրարու հետ տարի մը եւս անցընելու համար՝ եկեղեցւոյ սպասաւորութեան ճանապարհին։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2017