ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻՆ

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու խորհուրդի սիւներէն Ազնիւ Մեծատուրեանը եւ Քարէն Թերզեանը։ Այս Կիրակի տեղի պիտի ունենայ Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Սիրոյ սեղանի ընդառաջ Ֆէրիգիւղի ընտանիքը զօրաշարժի ենթարկուած է՝ համայնքային շրջանակներու զօրակցութիւնը հնարաւորինս կեդրոնացնելու եւ Մէրամէթճեան վարժարանին համար առաւելագոյն աջակցութիւնը ապահովելու առաջադրութեամբ։

Մանուկ Էօղէր եւ իր ընկերակիցները հաճելի զրոյցի ընթացքին մեզի մանրամասն բացատրութիւններ տուին թաղի այժմու կացութեան շուրջ՝ մասնաւորապէս ծանրանալով Մէրամէթճեան վարժարանի վրայ։ Երկար տարիներէ ի վեր նուազագոյնէն բաւականին բարձր մակարդակի մը վրայ կը գտնուի Մէրամէթճեան վարժարանը, ուր տնօրէնուհի Արփի Մանուկեանի գլխաւորութեամբ նորարարութեան ու կատարելագործման ծրագրերը երբեք չեն կաղար։ Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները մատնանշեցին, որ հակառակ այս բոլոր վիթխարի աշխատանքին, դպրոցը իրենց ակնկալած քանակով աշակերտներ հիւրընկալելու հնարաւորութիւնը չ՚ունենար իր երդիքին տակ։ Այս երեւոյթը, անշուշտ, մեր համայնքի առկայ իրականութեան տեսակէտէ ունի իր տրամաբանութիւնը։ Արդարեւ, Ֆէրիգիւղ մեր ամենահայահոծ թաղն է եւ Մէրամէթճեան վարժարանը կը գործէ ահա այդպիսի միջավայրի մը մէջ։ Մարդուժով հարուստ, սակայն եկեղեցապատկան կալուածներու տեսակէտէ բաւականին համեստ հնարաւորութիւններ ունենալու հակասութիւնը շարք մը հետեւանքներ կ՚ունենայ ֆէրիգիւղցիներուն տեսակէտէ։ Թաղային խորհուրդը վերջին շրջանին էապէս աւելցուցած է եկեղեցւոյ կալուածներուն թիւը, սակայն վերջին հաշուով հնարաւորութիւն չունի Մէրամէթճեան վարժարանը բոլորովին անվճար դարձնելու։ Միւս կողմէ, Ֆէրիգիւղի մերձակայքին կան բազմաթիւ համայնքային վարժարաններ, որոնք կ՚օգտուին նոյն մարդուժէն։ Եւս առաւել, հայ բնակչութենէ նօսրացած, սակայն կալուածներով հարուստ կամ անցեալէն ժառանգուած վարժարան մը ունեցող թաղերն ալ կը ջանան օգտուիլ Ֆէրիգիւղի եւ մերձակայքի մարդուժէն։ Անոնք հրապուրիչ կը դառնան՝ իրենց վարժարաններու դռները բոլորովին անվճար բանալով աշակերտներուն առջեւ, ներառեալ փոխադրամիջոցները։ Այս երեւոյթը անարդար մրցակցութեան մը տեղի կու տայ Ֆէրիգիւղի տեսակէտէ։

Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ այս առաւօտեան մեր զրոյցին ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան մեր համայնքի հաւաքական ծանր խնդիրներուն շուրջ, որոնց հետեւանքով կը յառաջանան նման անկազմակերպ կացութիւններ։ Մանուկ Էօղէր եւ իր ընկերները յայտնեցին, որ իրենք կը ջանան կատարեալ մակարդակի վրայ պահել Մէրամէթճեան վարժարանը եւ այդ բանը կը համարեն հիմնական երաշխիքը անոր ձգողականութիւնը բարձրացնելու տեսակէտէ։ Միեւնոյն ժամանակ թաղականները ընդգծեցին, որ մեր ամենաբազմանդամ այս թաղի դպրոցին կայունութիւնը երաշխաւորելու տեսակէտէ կ՚ապաւինին մեր համայնքի զօրակցութեան՝ որպէսզի անգամ մը եւս դպրոցը առարկայ դառնայ մեր համայնքի անվերապահ զօրակցութեան ու կարենայ շարունակել իր երթը։ 

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2017