ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ մատաղօրհնութիւնը այս տարի նախատեսուած է հոկտեմբերի 22-ին։ Սիրոյ սեղանի ընդառաջ եկեղեցւոյ վարիչները Պատրիարքարան այցելեցին եւ տեղեկութիւններ տուին Նորին Ամենապատուութեան։ Զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան եկեղեցւոյ եւ դպրոցին ի նպաստ տարուած աշխատանքները։ Մինչ այդ, թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրեցին՝ նախագահելու կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն։
Իր կարգին, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը գոհունակութիւն յայտնեց իրեն փոխանցուած տեղեկութիւններուն կապակցութեամբ։ Ան գնահատեց թաղային խորհուրդի աշխատանքները եւ յղեց իր օրհնութիւնն ու յաջողութեան մաղթանքը։