ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԱՅՑ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մատոյց իր յարգանքի տուրքը՝ Պէյօղլուի շաբաթավերջի ահաբեկչական պայթումի զոհերուն համար։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այցելեց Իսթիքլալ պողոտային վրայ զետեղուած բեմահարթակը, ուր ծաղիկներ խոնարհեց ահաբեկչութեան զոհերու յիշատակին համար։ Հարկ է նշել, որ այդ բեմահարթակը զետեղուած է ցաւալի պայթումի պատահած կէտին վրայ։ Յարգանքի այցելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ իր գաւազանակիրը՝ Տ. Շիրվան Քահանայ Միւրզեան։ Բեմահարթակին մօտ ծաղիկներ խոնարհելու առընթեր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պահեց յարգանքի լռութիւն եւ աղօթեց զոհերու հոգւոցն ի հանգիստ։ Հարկ է նշել, որ թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ անդրադարձած են Նորին Ամենապատուութեան այս յարգանքի այցելութեան։
Միւս կողմէ, Պատրիարքական Աթոռը մասնակցեցաւ նաեւ Պէյօղլուի քաղաքապետութեան կողմէ Իսթիքլալ պողոտային վրայ կազմակերպուած «Միութեան ու միասնականութեան» երթին։ Այսպէս, յանուն Պատրիարքարանին երթին մասնակցեցան Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զաքար Քահանայ Քոփարեան։ Այս վերջինները երթի ընթացքին Պէյօղլուի քաղաքապետ Հայտար Ալի Եըլտըզին փոխանցեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ցաւակցութիւններն ու զօրակցութիւնը։