ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈԻԻ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻՆ
Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ եւ թաղի վարժարանին ի նպաստ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը տեղի պիտի ունենայ այս շաբաթավերջին։ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ համայնքային շրջանակները հերթական անգամ պիտի համախմբուին զօրակցելու համար Եշիլգիւղի ընտանիքին, որ վերջին տարիներուն կ՚արձանագրէ յարատեւ վերելք։ Երէկ, մատաղօրհնութեան ընդառաջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Եշիլգիւղի ընտանիքի վարիչները։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճու եւ իր ընկերները՝ Նազար Գալփաքճը, Յովնան Տուրսուն, Մուրատ Կէօրէյ եւ Արա Չընար, որ ստանձնած է դպրոցի հիմնադրի ներկայացուցիչի պաշտօնը։
Զրոյցի ընթացքին Հապիպ Էօզֆուրունճու եւ իր ընկերները յայտնեցին, որ Եշիլգիւղի մէջ թաղային խորհուրդի ծրագրերը կ՚ընթանան նախատեսուած ձեւով։ Վարժարանի երթը կայուն է եւ անցեալ բաղդատմամբ այս տարի տասներկու նոր աշակերտներ կ՚ուսանին այնտեղ։ Թաղային խորհուրդը հետեւողական աշխատանք տարած է կալուածներու վերաբերեալ նիւթերուն շուրջ։ Թաղի նախկին բացօթեայ շուկայի տարածքի սեփականութեան իրաւունքին վերաձեռքբերման զուգահեռ՝ եկեղեցապատկան այդ կալուածին վրայ շինարարութիւն մը իրականացնելու ուղղեալ ծրագիրն ալ հասունցած է բաւականաչափ։ Կը նախատեսուի, որ տրամաբանական ժամանակաշրջանի մը ընթացքին թոյլատրուի այդ տարածքին վրայ շինարարութիւն իրականացնելը եւ սկսին կառուցման աշխատանքները, որոնք կրնան տեւել առնուազն երկու տարի։ Այս բոլորը կենսական նշանակութիւն ունին Եշիլգիւղի ընտանիքին տեսակէտէ, որովհետեւ այս թաղին առջեւ կ՚ուրուագծեն ինքնաբաւ դառնալու եւ աւելի՛ն, համայնքային հաստատութիւններուն զօրակցելու հորիզոնը։
Հապիպ Էօզֆուրունճու եւ իր ընկերները յիշեցուցին, որ դպրոցի յարակից կալուածի սեփականութեան իրաւունքն ալ վերաձեռքբերուած է եւ իրենք հիմա կ՚աշխատին, որպէսզի աստիճանաբար դատարկուին գիշերաբոյծները։ Համբերատար գործընթաց մըն է այս մէկը, որովհետեւ թաղային խորհուրդը չի փափաքիր յառաջ ընթանալ մարդասիրական ոգիի անյարիր քայլերով ու կողմնակից չէ, որ ընտանիքներ մնան առանց բնակարանի։ Թաղային խորհուրդը կը գերադասէ, որ թաղի եկեղեցին ու դպրոցը հաշտ ու խաղաղ գոյատեւէ իր շրջապատին հետ։ Հետեւաբար, այդ տարածքի դատարկման ուղղութեամբ ջանքերը անհրաժեշտ կը դարձնեն որոշ չափով համբերութիւնը։ Իսկ աւելի վերջ, հեռանկարային նպատակներէն մին այն է, որ Եշիլգիւղի վարժարանի համալիրը ընդարձակուի, որովհետեւ դպրոցի շէնքը սկսած է վաղուց անբաւարար մնալ՝ ընդունելու համար աւելի բարձր թիւով աշակերտութիւն։
Հետեւաբար, Եշիլգիւղի թաղային խորհուրդը կ՚ակնկալէ, որ մինչեւ այս բոլորին իրականութիւն դառնալը համայնքային շրջանակները շարունակեն զօրակցութիւն ցուցաբերել, որպէսզի երաշխաւորուի թաղի վարժարանի կայուն երթը