ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Եշիլգիւղի հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Ներկայ շաբթուայ աւարտին Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ տարեկան անուան տօնախմբութիւն, որու աւարտին նախատեսուած է նաեւ թաղի վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Այս փուլին ընդառաջ Եշիլգիւղի թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները այցելեցին Գումգաբու, ուր թէ՛ նորին սրբազնութիւնը պաշտօնապէս հրաւիրեցին հանդիսութիւններուն նախագահելու եւ թէ տեղեկութիւններ տուին թաղի ներկայ կացութեան շուրջ։

Ընդհանուր փոխանորդը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Եշիլգիւղի ընտանիքին կողմէ ծաւալուած գործունէութեան շուրջ եւ իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները յղեց թաղային խորհուրդին։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2018