«ՇԵՊ-Ի ԱՌՈՒՍ»Ի ԵՐԵԿՈՅԹ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ղալաթիոյ «Մեւլեւիհանէ»ին մէջ մասնակցեցաւ «Շեպ-ի Առուս»ի երեկոյթին, որ ձօնուած էր Մեւլանայի ծննդեան 748-րդ տարեդարձին։ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու կազմակերպչական աշխատանքներուն մասնակցած էր Պէյօղլուի քաղաքապետարանը։ Նախարար Էրսոյի, փոխ-նախարար Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճանի, Պէյօղլուի քաղաքապետ Հայտար Ալի Եըլտըզի, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Պուրհան Էրսոյի եւ այլ պաշտօնատար անձնաւորութիւններու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առընթեր ներկայ էին Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարքը, Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, Հրէից րաբունապետ Ռաւ Իսաք Հալեւա եւ քաղաքիս այլ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներ։ Հրաւիրեալներու շարքին էր նաեւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Սիմոն Չեքէմ։

Երեկոյթի ընթացքին մեւլեւիներու իւրայատուկ արարողութեան յաջորդեց նախարար Էրսոյի ելոյթը։ Այս առթիւ ան մատնանշեց, թէ Մեւլանայի ժառանգութիւնը դարձած է ուղեցոյց մը, որ տարածում կը գտնէ ամբողջ աշխարհի վրայ։ Ներկայ դարաշրջանի ճնշումներու, անարդարութիւններու եւ պատերազմներու կրակը կարելի է յանգեցնել ականջ տալով Մեւլանայի եւ Եունուս Էմրէի նման՝ հոգեւորի խորհրդանշան կերպարներու խաղաղութեան ու եղբայրութեան կոչին։

Միւս կողմէ, այս ձեռնարկին մասնակցելէ առաջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հիւրը եղաւ Պէյօղլուի ընտանիքին։ Թաղի Ս. Եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի եւ Սիմոն Չեքէմի ուղեկցութեամբ ան նախ այցելեց Բանկալթիի՝ երբեմնի Լուսաւորչեան վարժարանի շէնքը, որ երկար ժամանակէ ի վեր անմխիթար ու դատարկ վիճակի մէջ կը գտնուի։ Սիմոն Չեքէմ յայտնեց, որ ծրագրած են այս շէնքը վերանորոգել ու բարեզարդել։ Կը նախատեսուի ապագային այդ համալիրը մշակոյթի կեդրոնի մը վերածել։

Աւելի վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առաջնորդուեցաւ Էսաեան վարժարան, որու մուտքին ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան կողմէ դիմաւորուեցաւ աւանդական աղ ու հացով։ Տնօրէնութեան սենեակին մէջ դպրոցի այժմու վիճակին մասին հակիրճ տեղեկութիւններ ստանալէ վերջ ան առաջնորդուեցաւ հանդիսասրահ, ուր համախմբուեցաւ ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան հետ։ Շուրջ 100 պատանիներու եւ երիտասարդներու հետ անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց Նորին Ամենապատուութիւնը, որ պատասխանեց նաեւ անոնց հարցումներուն։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առաջնորդուեցաւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, ուր երկար ժամանակէ ի վեր վերանորոգութեան ու բարեզարդման աշխատանքներ կը կատարուին։ Նորին Ամենապատուութիւնը Սիմոն Չեքէմէն տեղեկութիւններ ստացաւ ցարդ կատարուած աշխատանքին շուրջ։ Խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ ձեռնարկուած աշխատանքներու աւարտման եւ զուգահեռաբար եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացման հաւանական ժամկէտներուն շուրջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց իր ուրախութիւնն ու գնահատանքը՝ մեր այս փառաւոր աղօթատան վերստին ներկայանալի ու խնամեալ տեսք մը ստանալուն կապակցութեամբ։ Ներկայ էր նաեւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 17, 2021