ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Նորընտիր թաղականները՝ ստացած ըլլալով իրենց վաւերացումը, փութացած էին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալու։ Այս առթիւ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց թաղականներուն ընտրութիւնը, որոնց հետ զրուցեց յառաջիկայի մտադրութիւններուն շուրջ։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի թաղականները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրեն թաղի վարժարանին ի նպաստ տարեկան տօնախմբութեան արարողութիւններուն։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարեմաղթանքներ յղեց թաղականներուն՝ մաղթելով բեղմնաւոր գործունէութեան շրջան մը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 17, 2022