ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑԻ ՍԱՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳ

Մխիթարեան վարժարանի երգչախումբը նախընթաց երեկոյեան մասնակցեցաւ՝ Աւստրիոյ աւագ հիւպատոսութեան Մշակոյթի կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած Ս. Ծննդեան աւանդական համերգին։ Հիւպատոսարանի համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն հետեւեցան կոկիկ թիւով երաժշտասէրներ։ Յայտագրին մասնակցութիւն բերին նաեւ այլ խումբեր։ Մխիթարեանցի սաները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով՝ երաժշտութեան ուսուցչուհի Լեռնա Աքպուլութի մականին ներքեւ։

Երեկոյթին մասնակցեցան նաեւ Մխիթարեան վարժարանէն միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Էլտա Գարակէօզեան, նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկը եւ ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 17, 2022