ՀՐԱՉԵԱՅ ՎԻԼԼԵՐԻ ԱՃԱՌԵԱՆ ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՌԱՒ ՔԱՂԱՔԷՍ

Մեծանուն լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի անուանակից թոռը՝ Հրաչեայ Վիլլերի Աճառեան, որ վերջին օրերուն Սամաթիոյ ընտանիքի հրաւէրով այցելած էր քաղաքս, երէկ գիշեր վերադարձաւ Երեւան։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Հրաչեայ Վիլլերի Աճառեան Սամաթիոյ մէջ մասնակցեցաւ Սահակեան-Նունեան լիսէի հաստատման 50-ամեայ յոբելեանին ձօնուած ձեռնարկներու շարքի եզրափակիչ փուլին։ Այդ հանդիսութեան մասնակցելէ վերջ, երէկ, Հրաչեայ Վիլլերի Աճառեան Սամաթիոյ ընտանիքի պատասխանատուներուն ուղեկցութեամբ այցելեց Պատրիարքարան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Հրաչեայ Վիլլերի Աճառեան աւելի վերջ այցելեց նաեւ Կեդրոնական վարժարան։ Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ ան եւ այցելութեան այս փուլն ալ շատ յատկանը-շական էր, որովհետեւ մեծանուն լեզուաբան ու բանասէր Հրաչեայ Աճառեան հասած է Կեդրոնական վարժարանէն։ Հրաչեայ Վիլլերի Աճառեան Կեդրոնական վարժարանի երդիքին տակ տեսաւ իր մեծ հօրը զանազան կոթողային գործերը, որոնք նուիրականութեան համազօր վերաբերմունք կը տեսնեն հաստատութեան երդիքին տակ։

Սամաթիոյ ընտանիքին կողմէ վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուած Հրաչեայ Վիլլերի Աճառեան այսպէսով դէպի Պոլիս իր առաջին այցելութեան ծրագիրը եզրափակեց եւ վառ տպաւորութիւններով վերադարձաւ Հայաստան։

Հինգշաբթի, Յունուար 18, 2018