ՆՈՐՈՎԻ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ, Պոլիսէն խումբ մը հաւատացեալներ մեկնած են Երուսաղէմ, ուր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ըստ Հին տոմարի կը նշէ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։ Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան եւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան կազմակերպած են զանազան խումբերու այցելութիւնը։ Պոլսահայ ուխտաւորները տէրունակոխ սրբավայրերու մէջ կ՚անցընեն հոգեւոր ցնծութեան անմոռանալի օրեր։ Անոնք կ՚ապրին նորովի Սուրբ Ծնունդ մը եւ այս տարի տաղաւարի ոգեւորութիւնը երկրորդ անգամ կ՚ապրին Սուրբ Քաղաքի մէջ։ Քրիստոսակոխ սրբավայրերը իսկապէս կը ներշնչեն բոլորը։

Երէկ, Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան հիւրընկալեց Իսթանպուլէն մեկնած հաւատացեալներու բազ-մանդամ խումբը։ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան մեծ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որու ընթացքին Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան նորին ամենապատուութեան փոխանցեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եղբայրական սիրոյ ողջոյնները։ Լուսարարապետ հայր սուրբը նորին ամենապատուութեան նուիրեց նաեւ Պոլսոյ Աթոռի վերջին հրատարակութիւններէն նմոյշներ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ ուրախութիւն յայտնեց պոլսահայ ուխտաւորներու ներկայութեան բերումով եւ փոխանցեց իր օրհնութիւնները։ Նորին ամենապատուութիւնը անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց պոլսահայ ուխտաւորներուն հետ, նաեւ պատասխանեց անոնց զանազան հարցումներուն։

Ուրբաթ, Յունուար 18, 2019