ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ՀԱՆԴԷՍ

Էսաեան վարժարանի մէջ Նոր տարուայ եւ Սուրբ Ծնունդի առթիւ տեղի ունեցաւ տօնական փայլուն հանդէս մը։ Ի տարբերութիւն մեր համայնքային բազմաթիւ դպրոցներէն՝ Էսաեանի մէջ հանդէսը տեղի ունեցաւ տարեմուտի առաջին օրերուն։ Աշակերտները, որոնք պատրաստուած էին իրենց ուսուցիչներու հսկողութեան ներքեւ, յաջող ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։ Ձեռնարկին մասնակից ծնողներն ալ խորապէս զգացուած հետեւեցան իրենց զաւակներու ելոյթներուն։

Հանդէսի աւարտին ելոյթով մը հանդէս եկաւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Անիլտա Մենեքշէ, որ գնահատեց յայտագրին մասնակցութիւն բերած աշակերտները, անոնց ծնողները եւ բոլորին բարեմաղթութիւններ յղեց Նոր տարուայ եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 18, 2023