ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄՇՏԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՍԱՀԱԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքական Աթոռի «Օրմանեան» շքանշանով պարգեւատրեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանը։

Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ հրաժեշտի ընթրիք մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ Սահակ Սարգսեանին, որ կը պատրաստուի մեկնիլ Ատիս Ապապա՝ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակուած ըլլալով Եթովպիոյ մօտ։

Այս հանդիսութեան մանրամասնութիւնները պիտի ներկայացնենք վաղուան թիւով։

Հինգշաբթի, Յունուար 18, 2024