ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՄԷՋ ԱՐԵՒԱԳԱԼ
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Գուզկունճուքի մէջ Մեծ պահոց շրջանի երկրորդ Արեւագալն էր այս մէկը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Մուրատ Կսսրկ. Իչլինալչայի ղեկավարութեամբ։ Ներկայ էր Լեւոն Սրկ. Գույումճեան։ Դպիրներու շարքին էին Նազիկ Ճաւաք, Եփրեմ Միհրանեան, Գաբրիէլ Միրիճանեան, Յակոբ Կազերօղլու, Ասատուր Իչլինալչա, Հերման Պաքըրէլ, Լուտֆիկ Բնարպաշը, Հաճը Եըլմազ, Մարտիրոս Մարտիկեան, Բարթող Ճանիկեան եւ Շահին Գալայ։ Հանդիսադիր Հայր Սուրբը խօսեցաւ քարոզ մը, իսկ արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ խաչահանգիստ։
Ժամերգութենէն վերջ Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր ընկերները պահքի սիրոյ սեղան մը սարքեցին եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ։