ՈՉ ԵՒՍ Է ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԱՄԵՆԱՍԻՐԵԼԻ ՏՔԹ. ԺԻՐԱՅՐ ՔԱՅՆԱՐ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի բժշկական դասու երիցագոյն անդամներէն Տքթ. Ժիրայր Քայնար, որ Գատըգիւղի ընտանիքի ամենախորհրդանշական անուններէն մին էր։ 96 տարեկան հասակին աչքերը կեանքին փակած Տքթ. Ժիրայր Քայնար կը թողու բարի յիշատակ մը՝ ըլլալով իր սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն մին։ Ան բարի համբաւ ձեռք բերած էր ոչ միայն իր ասպարէզին մէջ իր ունեցած վարպետութեամբ, այլ նաեւ նկարագրով, որ կը բնորոշուէր մարդկային առաքինութիւններով։

Տքթ. Ժիրայր Քայնար ծնած էր 1923 թուականին Գատըգիւղի մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած էր Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ։ Ապա անցած էր Հայտարփաշա լիսէ, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ յետոյ բարձրագոյն ուսման հետեւած էր Իսթանպուլի համալսարանի Բժշկական ֆաքիւլթէի մէջ, ուրկէ վկայուած էր 1948 թուականին։ Մասնագիտութեան համար 1950 թուականին ուղեւորուած էր Փարիզ, ուր յետ քննութեան յաջողած էր մուտք գործել Փարիզի Բժշկական ֆաքիւլթէն։ Աշակերտած էր աշխարհահռչակ սրտաբան Փրոֆ. Տքթ. Լիանի։ Դժուարին պայմաններու տակ օրը գրեթէ 12 ժամ աշխատած էր։ Իր հօրը մահէն յետոյ վերադարձած էր Իսթանպուլ։ Ներքին հիւանդութեանց մասնագիտութեան համար Հայտարփաշայի Նիւմունէ հիւանդանոցին մէջ աւելի քան երեք տարիներ առանց աշխատավարձի աշխատած էր եւ 1955 թուականին տիրացած՝ ներքին հիւանդութեանց մասնագէտի տիտղոսին։ Աւելի քան վաթսուն տարիներ բժշկագործած էր։ 6 յուլիս 1957 թուականին ստանձնած էր Արամեան-Ունճեան վարժարանի հիմնադիրի պաշտօնը, զոր վարած էր մինչեւ իր հրաժարումը՝ 23 մայիս 1964 թուականը։ Նոյն վարժարանին մէջ դասաւանդած էր կենսաբանութիւն եւ տարրաբանութիւն։ Անձնուիրաբար ստանձնած էր նաեւ վարժարանի բժիշկի պատասխանատու պաշտօնը, անձնապէս պատուաստած էր բոլոր աշակերտութիւնը, որոնք սիրով կը յիշեն իր ծառայութիւնները։ Ան ամուսնացած էր Հերմինէ Եշիլի հետ. ունեցած էր երկու զաւակներ, Մարի Անթուանէթ (ծնեալ՝ 13 յունիս 1959) եւ Յակոբ Ալէն (ծնեալ՝ 8 օգոստոս 1964)։ Մինչեւ 2014 թուականը՝ հանգստեան կոչուիլը, շարունակած էր բժշկագործել իր անձնական դարմանատան մէջ։

Այս տխուր առթիւ բիւր յարգանքով կը խոնարհինք Տքթ. Ժիրայր Քայնարի ազնիւ յիշատակին առջեւ, կը վշտակցինք իր հարազատներուն եւ ամբողջ Գատըգիւղի ընտանիքին։

Երկուշաբթի, Մարտ 18, 2019