ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՔԷՐՄԷՍԸ՝ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԵՒՍ ԱՌՑԱՆՑ

Կեդրոնական վարժարանի ծնողաց միութիւնը Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ այս տարի եւս կազմակերպած է քէրմէս մը։ Սա դպրոցին ի նպաստ աւանդական ձեռնարկ մըն է, սակայն, այդ աւանդութիւնը կը պահպանուի բոլորովին նոր միջոցներով։ Արդարեւ, ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս Կեդրոնականի ի նպաստ այս աւանդական քէրմէսը կազմակերպուած է հեռավար։ Ատենապետուհի Սեդա Պէշիկթաշլեանի կողմէ գլխաւորուած ծնողաց միութիւնը աւանդութիւնը անխափան կը պահէ՝ շնորհիւ հեռավար նախաձեռնութեան, ինչ որ պայմանաւորուած է քորոնաժահրի համաճարակի ներկայ շրջանի սահմանափակումներով։

Կեդրոնականի ծնողաց միութիւնը տաղաւարներ պատրաստած է Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ յարակից «Կոլոտ» սրահի երդիքին տակ։ Տաղաւարները կ՚ընդգրկեն տօնական շրջանին բնորոշ, ճաշակաւոր իրեղէններ, որոնք կը մատուցուին համացանցի միջոցաւ։ Կեդրոնականի համակիրներ, հետաքրքիրներ եւ այլ այցելուներ առիթ կ՚ունենան առցանց ծանօթանալու այդ իրեղէններուն եւ հեռավար գնումներ կ՚իրականացնեն՝ ի նպաստ դպրոցին։ Կեդրոնականը պոլսահայ կրթական համակարգէն ներս պիւտճէի առաւելագոյն բացով դպրոցներէն մին է եւ շնորհիւ այս հեռավար վաճառքին՝ թէկուզ համեստ, բայց քէրմէսի սովորական այս եկամուտէն զրկուած չ՚ըլլար հաստատութիւնը։ Առցանց վաճառքը կը վարեն Սեդա Պէշիկթաշլեան եւ Պանու Էօզտեմիր։ Ընկերային ցանցերու վրայ յաջորդ շաբաթ ալ պիտի կրկնուի Կեդրոնականի հեռավար քէրմէսը, որու երէկուան բացումի այցելուներու շարքին էին վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարպիս Պալմումճու եւ տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան։

Միւս կողմէ, ծնողաց միութիւնը ներկայիս կը ծրագրէ մինչեւ Մայրերու օր կազմակերպել նաեւ վիճակահանութիւն մը՝ նոյնպէս դպրոցին սատար հանդիսանալու նպատակով։

Կեդրոնական վարժարանի ծնողաց միութեան մաս կը կազմեն հետեւեալները.

Սեդա Պէշիկթաշլեան (ատենապետուհի), Թալին Պոզթաշ, Պանու Էօզտեմիր, Ժագլին Քեշիքճիօղլու, Լետա Չիֆթճեան, Եւա Պաքըր, Աղաւնի Թուրաչ, Լինտա Սոլաք, Ժանէթ Արծիւեան, Նաթալի Օքթայ, Ալիս Էօզչերքէզ, Նուռ Խաչիկօղլու։  

Հինգշաբթի, Մարտ 18, 2021