ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐՈՎ ԼԻ ՈԳԵՒՈՐ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ՝ ԴԷՊԻ ԿԵՍԱՐԻԱ

Կեսարիոյ ուխտագնացութիւնը երէկ առաւօտեան արարողութիւններով հասաւ իր գագաթնակէտին։ Քաղաքի պատմական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ զանգերը առաւօտեան ժամերուն աւետեցին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի ժամանումը։

Ժամը 09.30-ին սկսան եկեղեցական արարողութիւնները։ Եկեղեցւոյ խորհրդարանի մուտքին կազմուած թափօրը Նորին Ամենապատուութիւնը առաջնորդեց դէպի զանգակատան ներքեւը, ուր կանոնական աղօթքներով ու շարականներով բացուեցաւ եկեղեցւոյ պատմական աւագ դուռը։ Քահանայ հայրեր օրհնեալ ջուր սրսկեցին տաճարի պատերուն։

Նկատի ունենալով եկեղեցւոյ ենթարկուած բարեզարդման աշխատանքը, անհրաժեշտ էր նաեւ կատարել օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնը։ Սաղմոսներու երգակցութեամբ օրհնեալ գինիով ու ջուրով սրբուեցան եկեղեցւոյ աւագ խորանը, առաջադրութեան սեղանը, քովնտի սեղանները, բեմը, մկրտութեան աւազանը։ Աւելի վերջ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան կատարեց Սրբալոյս Միւռոնի աղաւնիի վերաբերումը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մի առ մի օծեց եկեղեցւոյ աւագ խորանի վէմ քարը, առաջադրութեան սեղանը, քովնտի սեղանները՝ ընծայուած՝ իջման Միածին Որդւոյն, Ս. Յակոբայ Մծբնայ հայրապետի, Ս. Ստեփանոս նախավկայի, մկրտութեան աւազանը եւ բեմը։

Օծման կարգէն ետք Ս. Պատարագը մատոյց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Առընթերակայ էին Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ղազար Սապունճու, Կարապետ Եոնթան կիսասարկաւագները եւ դպիրներ։ Արարողութեան կանոնաւորութեան վրայ կը հսկէին Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան եւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։ Իսկ երգեցողութիւնները կատարուեցան Պատրիարքական Աթոռոյ Արմաշ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ դպրապետ Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։

Պատրիարք Հայրը խորհրդարանէն հանդիսաւոր թափօրով առաջնորդուեցաւ տաճար եւ հրաշափառի երգեցողութեամբ մուտք գործեց։

Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ուխտագնացութեան կարեւորութիւնը։ Ան անդրադարձաւ Հայոց Ս. Գրիգորին «Լուսաւորիչ» ըլլալէ առաջ կրած չարչարանքներուն եւ Խոր Վիրապ մուտքին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յիշեցուց նաեւ, թէ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ Կեսարիան կարեւոր էր այն առումով, որ մեր հաւատքի հայրը՝ Ս. Գրիգոր սնած, մեծցած եւ Հայոց Մեծաց եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր այս քաղաքին մէջ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ Ս. Աւետարանի «Եթէ ցորենի հատիկը հողին մէջ իյնալով չմեռնի՝ ինք առանձին կը մնայ։ Իսկ եթէ մեռնի՝ շատ արդիւնք կու տայ» համարին։ Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ, թէ մարդն ալ ցորենի կը նմանի, կեղեւ ունի։ «Եբր այդ կեղեւը պատռի՝ նոր կեանք կը ստանայ։ Ս. Գրիգորին ալ այդպէս պատահեցաւ տասնեւերեք տարի Խոր Վիրապին մէջ։ Եւ երբ Խոր Վիրապէն դուրս եկաւ, ամբողջ ազգի քրիստոնէական հաւատքի դարձին պատճառ եղաւ։ Եթէ Ս. Գրիգոր այս ճամբուն չմտնէր, որպէս սովորական մարդ պիտի ապրէր ու մեկնէր այս աշխարհէն։ Սակայն այդպէս չեղաւ եւ լաւ որ չեղաւ։ Ան հնազանդեցաւ Աստուծոյ ծրագրին եւ եղաւ Հայոց Լուսաւորիչը», ըսաւ ան քարոզին մէջ ու շարունակեց. «Մենք կը նշենք խոր վիրապ նետուած, սակայն նոր հասկի նման ծլած ցորենը։ Մենք այսօր կը նշենք մեր պապերու հաւատքը, որ 1700 տարի այստեղ ծաղկեցաւ եւ սերունդէ սերունդ փոխանցուեցաւ եւ մենք այսօր նոյն այդ ժողովուրդի զաւակներն ենք։ Դարերու ընթացքին մեր պապերը անցան, սակայն այս եկեղեցին մեզի կը յիշեցնէ զանոնք ու իրենց հաւատքը, տալով՝ անոր վկայութիւնը»։

Յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Կեսարիոյ պատմական թեմի հանգուցեալ առաջնորդներու, հոգեւորականներու, ինչպէս նաեւ երկրաշարժի ընթացքին զոհուած մեր հաւատացեալ ժողովուրդի հոգւոցն ի հանգիստ։

Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ, յետմիջօրէին, ուխտագնացութեան մասնակից հոգեւոր հայրեր եւ դպիրներ, նաեւ ուխտաւորներ քաղաքի ճաշարաններէն մէկուն մէջ հաւաքուեցան սեղաններու շուրջ։ Այստեղ հաճելի անակնկալով մը նշուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ծննդեան տարեդարձը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, հոգեւոր հայրեր, դպիրներ եւ ուխտաւորներ նոյն երեկոյեան, օդանաւով կամ ցամաքի ճամբով վերադարձան քաղաքս։

Շաբաթ, Մարտ 18, 2023