ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐԷ ԺԱՄԱՆԱԾ ՄԱՍՆԱՒՈՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔ
Թուրքիոյ մասնաւոր վարժարաններու միութեան կողմէ Թուրքիա հրաւիրուած խումբ մը օտար կրթական գործիչներ երէկ այցելեցին Սուրբ Խաչ դպրեվանք։ Վերջին օրերուն Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ վերոյիշեալ միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած համաժողով մը։ «Ինքնաեղափոխութիւն» խորագրին ներքեւ մշակոյթներու եւ վարժարաններու զարգացման ուղղեալ նմանաբնոյթ միջազգային համաժողովներու ծիրէն ներս, Սուատիէի պանդոկին մէջ իրականացուեցաւ այս համաժողովը։ Ամէն տարի կատարուած հերթական աշխատանքի մը շարունակութիւնն էր սոյն համաժողովը, որու այս տարուան տանտէրը եղաւ Թուրքիան։ Մասնաւոր վարժարաններու միութեան հիւրընկալութեամբ տեղի ունեցած աշխատանքին մասնակցեցան Դանիայէն, Հոլանտայէն, Սպանիայէն, Յունաստանէն, Զուիցերիայէն եւ Անգլիայէն մասնաւոր վարժարաններու ներկայացուցիչներ։
Թուրքիայէն ինն մասնաւոր վարժարանի ներկայացուցիչները միացան օտար մասնագէտներու աշխատանքին եւ այս ինն դպրոցներու շարքին կը գտնուէր Սուրբ Խաչ դպրեվանքը։ Իւրաքանչիւր վարժարանին կողմէ պատասխանատու մը հիւր մասնագէտներուն ծանօթացուց իր հաստատութիւնը։ Դպրեվանքցիները նախընտրած էին, որ հաստատութիւնը ներկայացուի աշակերտի մը կողմէ։ Ուստի, հիւրերուն ներկայացաւ տասնմէկերորդ դասարանի աշակերտուհիներէն Տանիելա Պաքըրճըօղլու, որ անգլերէն ելոյթով մը ներկայացուց Սուրբ Խաչ դպրեվանքը։
Իւրաքանչիւր վարժարանի ծանօթացումէն վերջ, հիւր մասնագէտները իրենց նախընտրութիւններուն համաձայն որոշեցին, թէ վերոյիշեալ վարժարաններէն ո՛ր մէկը այցելել կը փափաքէին։
Ահա այս աշխատանքային հանգրուաններէն վերջ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը երէկ հիւրընկալեց օտար մասնագէտներու խումբը։ Թիւով եօթ հիւր կրթական գործիչներուն չորսը Հոլանտայէն էր, իսկ մնացեալները՝ Սպանիայէն, Զուիցերիայէն եւ Դանիայէն։ Հիւրերը առաւօտեան ժամերուն փութացին Սուրբ Խաչ դպրեվանք, ուր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորուեցան տնօրէն Արմէն Սարուխանեանի գլխաւորութեամբ։ Ներկայ էր նաեւ վարժարանի նախկին տնօրէն Հայկ Նշան, որ ներկայիս վարչական պատասխանատուութիւն ստանձնած է Մասնաւոր վարժարաններու միութեան վարչութեան մէջ։ Հիւրերը շուրջ երեք ժամ անցուցին Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ, ուր շրջեցան վարժարանը, ծանօթացան աշակերտներուն հետ, այցելեցին յարակից Սուրբ Խաչ եկեղեցին եւ կէսօրին ճաշարանին մէջ համախմբուեցան աշակերտութեան եւ հաստատութեան պատասխանատուներուն հետ։
Հուսկ, անոնք գոհունակ տպաւորութեամբ հրաժեշտ առին Սուրբ Խաչ դպրեվանքէն եւ այս այցելութեան նշանակութիւնը իրենց տեսակէտէ բնորոշուեցաւ այն առանձնայատկութիւնով որ, քաղաքիս մէջ առիթն ունեցան ծանօթանալու հայկական մշակոյթի հետքերուն։