ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒՆ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի ծիրին մէջ այս շաբաթավերջին փողոց դուրս գալու արգելք հաստատուած է Թուրքիոյ բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ՝ ներառեալ Իսթանպուլը։ Այս իրավիճակին մէջ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը անխափան կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։ Այսու մեր ընթերցողներուն կու գանք տեղեկացնել, որ թերթին ցրւումը բնականոն ու կանոնաւոր ձեւով համակարգելու նպատակով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի այս օրուան թիւը տպագրութեան յանձնուած է սովորականէն աւելի կանուխ։ 

Մեր այն ընթերցողները, որոնք բաժանորդագրուած են, որպէսզի  ԺԱՄԱՆԱԿ-ը հասնի իրենց բնակարանները, սովորական ձեւով կ՚ունենան թերթը։ Բաց աստի, առաւելագոյնը կը կատարուի, որպէսզի մեր միւս ընթերցողներն ալ կարողանան կրպակներէն ապահովել իրենց թերթը։ Բայց եւ այնպէս, թերթիս բազում վաճառքի կէտերը փակ կը մնան փողոց դուրս գալու արգելքին բերումով եւ մեր ընթերցողներն ալ դուրս ելլելու հնարաւորութիւն չեն ունենար թերթ առնելու համար։

Մերազն ընթերցողներուն կու գանք տեղեկացնել, որ թերթիս վարչութիւնը առաւելագոյնը կ՚ընէ, սակայն ակամայ կը յառաջանան կաղացումներ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ այս օրուան մեր թերթը կրպակներու մօտ հասանելի պիտի ըլլայ նաեւ յառաջիկայ օրերուն։ Ակամայ կաղացումներուն համար կ՚ապաւինինք մեր ընթերցողներու ներողամտութեան ու հասկացողութեան։ 

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2020