ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐՈՒ ՊԱՀԸ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս կը շարունակէ առաջնահերթութիւն ներկայացնել՝ երկրաշարժէն տուժած աղէտեալներուն զօրակցութեան վերաբերեալ հարցերը։ Ներկայիս, ըստ երեւոյթին, հասած է հաշուարկներու պահը։ Արդարեւ, մեր համայնքի երկրաշարժէն տուժած անդամներու բնակարաններու վերականգնման նպատակին հետամուտ ստեղծուած շինարարութեան յանձնախումբը երէկ գումարեց իր հերթական ժողովը Գումգաբուի մէջ։ Այժմ, համայնքային կեանքէն ներս ցանկութիւններու եւ հնարաւորութիւններու խաչմերուկին որոնումներ կը կատարուին, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ դիմագրաւել կարիքները։

Երէկուան խորհրդակցութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ շեշտեց, թէ ներկայիս պէտք է լաւ արժեւորել ստեղծուած իրավիճակը եւ իրատեսօրէն գնահատել կարիքները։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, որ երկրաշարժի գօտիէն դրական լուրեր չեն հասնիր։ Արդարեւ, մեր համայնքի վեց տասնեակ անդամներ այս պահուն զօրակցութեան կարիք ունին եւ անոնցմէ երեք տարբեր առաջարկներ կը հասնին։ Բոլոր կարիքները նոյնաժամանակ դիմագրաւելու հնարաւորութիւնը դժբախտաբար գոյութիւն չունի։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, ժողովականները բազմակողմանի արժեւորում մը կատարեցին։ Ըստ էութեան, Վաքըֆլըգիւղի, Մալաթիայի, Հաթայի եւ երկրաշարժէն տուժած միւս շրջաններու կարիքները խոշորացոյցի տակ առնուեցան առանձին ձեւով։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ մայիսի 21-ին Պատրիարքարանէն յանձնախումբ մը պիտի այցելէ Վաքըֆլըգիւղ, որպէսզի տեղւոյն վրայ ստուգուին աղէտեալներու կարիքները։ Այս յանձնախումբին մաս պիտի կազմեն՝ Գէորգ Էօզգարակէօզ, Կարօ Պապայեան, Արփինէ Սիլահլը եւ Թամար Ինթիպա։

Աղէտի գօտիի միւս շրջաններու պարագային ալ կը կատարուին զանազան նախաձեռնութիւններ, որոնք եւս ուշադրութեան առարկայ դարձուեցան երէկուան հանդիպման ընթացքին։ Այսպէս, ժողովականները ընդգծեցին, որ Մալաթիոյ պարագային մեծ դժուարութիւններ խնդրոյ առարկայ չեն, իսկ Իսքենտէրունի պարագային կը տիրապետէ անորոշութիւն, որովհետեւ պետութիւնը փուլ եկած բնակարաններու վերակառուցման համար թոյլտուութիւն չի տար, մարդոց կ՚առաջարկուի քաղաքէն դուրս բնակարաններու մէջ տեղակայուիլ։

Ստեղծուած հակասական կացութիւններու եւ դժուարութիւններու դէմ յանդիման՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ ժողովականներուն յորդորեց զանազան առաջնահերթութիւններ։ Ան մասնաւորապէս ընդգծեց, որ մեր համայնքի աղէտեալ զաւակները պէտք է զգան, թէ Պոլսոյ համայնքը եւ Պատրիարքական Աթոռը իրենց կողքին է եւ իր բոլոր հնարաւորութիւնները շարժման կ՚անցընէ անոնց աջակցելու համար։  

Երեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2023