ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Մարի Եանճըի։

Վարչայինները Պատրիարքարան այցելած էին Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրելու համար Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան «175-ամեակի յուշամատեան»ին նուիրուած շնորհանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ մայիսի 6-ին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց նոր գիրքի հրատարակութեան առթիւ եւ յաջողութիւն մաղթեց թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներու կրթանուէր աշխատանքներուն համար:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2023