ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլուն եւ գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, որ այս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ ապրիլի 28-ին Երեւման Ս. Խաչի տօնին պիտի կատարուի Վոսփորի ափի մեր այս սրբավայրի տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։ Թաղականները տարեկան անուան տօնախմբութեան ընդառաջ փափաքած էին ըստ ընկալեալ սովորութեան այցելութիւն մը տալ Պատրիարքարան։ Նորին Ամենապատուութեան հետ զրուցելու ընթացքին անոնք տեղեկութիւններ տուին թաղային խորհուրդի գործունէութեան եւ ծրագրերուն շուրջ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց Գուրուչէշմէի թաղականներուն հետ զրուցելու հնարաւորութեան համար, անոնց մաղթեց յաջողութիւն, փոխանցեց իր օրհնութիւնը՝ տեղեկացնելով, որ պատրաստակամ է նախագահելու արարողութիւններուն։