ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՆԱԽԱՃԱՇԸ
Երէկ առաւօտ Գարակէօզեան վարժարանի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ ընտանեկան նախաճաշ մը, որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Գարակէօզեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս հաւաքոյթը, որու շրջագծով հաստատութեան բազմաթիւ շրջանաւարտներ համախմբուեցան նախաճաշի սեղաններու շուրջ։ Ամառնամուտի առթած բարձր տրամադրութեան պայմաններուն ներքեւ գարակէօզեանցիները անմիջական զրոյց ունեցան իրարու հետ։
Նախաճաշի ընթացքին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Գարակէօզեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Նուպար Եըլտըզ։ Ան ընդգծեց, թէ այս հաւաքոյթը կը զուգադիպէր սանուց միութեան հիմնադրութեան 65-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Նուպար Եըլտըզ, կոչ ուղղեց որպէսզի բոլոր գարակէօզեանցիները ըլլան միասնական ու մնան համախումբ իրենց դարաւոր վարժարանին շուրջ, ինչպէս նաեւ փարին մեր ինքնութեան, լեզուին, մամուլին եւ մշակութային արժէքներուն։
Նկատի ունենալով, որ Գարակէօզեան սանուց միութեան նոր շէնքի կառուցման աշխատանքները ընթացքի մէջ են՝ ներկաները սանուց միութեան վարչայիններէն տեղեկութիւններ քաղեցին նաեւ շինարարութեան ընթացքին կապակցութեամբ։ Ծրագրի հեռանկարները, բնականաբար, խանդավառեցին բոլորը, մինչ առարկայական տեղեկութիւններուն կը զուգորդուէին Գարակէօզեանի ընտանիքի երէցներէն Նուպար Եըլտըզի կողմէ փոխանցուած պատմական մանրամասնութիւնները, որոնք միեւնոյն ժամանակ զգացական երեսակ մը կ՚աւելցնէին այժմու մթնոլորտին։ Արդարեւ, երբ Գարակէօզեանի մերօրեայ նոր սերունդները ոգեւորութեամբ կը սպասեն սանուց միութեան նոր շէնքի շինարարութեան աւարտին՝ Նուպար Եըլտըզ յիշեցուց, թէ ինք անցեալի մէջ ականատես եղած էր սանուց միութեան առաջին շէնքի կառուցման գործին, նոյնիսկ իր ընկերներուն հետ մասնակցած՝ հիմնարկէքին։ Հետեւաբար, իր կողմէ փոխանցուած այդ պատմական վկայութիւնները խոր ազդեցութիւն գործեցին բոլոր ներկաներուն վրայ։
Թրքահայ կեանք
- 11/22/2024