ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՔՈՒՅՈՒՄՃՈՒՔԵՆԹԻ ՀԱՅ ԱՐՀԵՍՏԱՒՈՐ ԵՒ ԳՈՐԾԱՐԱՆԱՏԷՐԵՐՈՒՆ
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, երէկ, ժամը՝ 11.00-ին, իր հետն ունենալով Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանը, այցելութիւն մը տուաւ Քույումճուքենթ՝ ուր հանդիպում մը ունեցաւ մեր համայնքի ոսկերիչ արհեստաւոր եւ գործարանատէրերուն հետ: Սրբազան հայրը եւ հայր սուրբը դիմաւորուեցան՝ գլխաւորութեամբ համայնքիս կողմէ սիրուած եւ յարգուած Ճեզօ Թաշի, ինչպէս նաեւ Արամ Տեմիրի, Յակոբ Ճանճանի, Մուրատ Վուրալի, Քույումճուքենթի հոգաբարձուներէն Մեսուտ Տէյիրմենճիի կողմէ:
«Այս այցելութեան նպատակն էր Ս. Յարութեան տօնական այս օրերուն այցելել Քույումճուքենթի մէջ աշխատող հայ համայնքի արհեստաւոր եւ գործարանատէրերուն Ս. Զատկուայ աւետիսը փոխանցելու:
Բարձրաշնորհ սրբազան հօր գլխաւորութեամբ ժամերգութիւն մըն ալ տեղի ունեցաւ Քույումճուքենթի մէջ գտնուող քրիստոնեաներուն համար շինուած մատրան մէջ: Հայր Մաղաքիայի եւ ուրարակիր դպիրներու կողմէ Ս. Յարութեան շարականներ երգուեցան եւ Աւետարան կարդաց-ւեցաւ: Յետ ժամերգութեան՝ սրբազան հայրը իր պատգամն ու օրհնութիւնները տուաւ հաւատացեալներուն, որոնց թիւը կը հասնէր շուրջ եօթանասունի։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս առթիւ Սուրբ Երկրէն բերած խաչեր նուիրեց իրենց:
Ապա փոխանորդ սրբազանը հաւատացեալներու հետ հարցազրոյց մը ունեցաւ: Հարցումները ընդհանրապէս համայնքը յուզող խնդիրներու մասին էին: Ապա բարձրաշնորհ սրբազան հայրը, հայր սուրբը եւ խումբ մը հաւատացեալներ ճաշկերոյթով մը հիւրընկալուեցան Ճեզօ Թաշի կողմէ:
Աւարտին՝ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց եւ յաջողութիւններ մաղթեց Քույումճուքենթի բոլոր հայ արհեստաւոր եւ գործարանատէրերուն իրենց աշխատանքներուն մէջ: Սիրալիր ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումէն ետք սրբազան հայր եւ հայր սուրբը մեկնեցան Քույումճուքենթէն: