ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀՈՒՆՁՔԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՌԱՒ ՇՔԵՂ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՈՎ ՄԸ

Գալ­ֆաեան Տան ըն­տա­նի­քը ո­գե­ւոր հան­դի­սու­թիւ­նով մը հրա­ժեշտ տուաւ վար­ժա­րա­նի այս տա­րուան հունձ­քին։ Սկիւ­տա­րի սա­նուց միու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցած շրջա­նա­ւար­տու­թեան հան­դէ­սը հա­մախմ­բեց Գալ­ֆաեան ըն­տա­նի­քին պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, այս տա­րուան ըն­թա­ցա­ւարտ­ներն ու ի­րենց ծնող­նե­րը։ Ծնո­ղաց միու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած ե­րե­կոյ­թին ըն­թաց­քին վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Այ­տա Գա­յաէր հան­դէս ե­կաւ շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քով մը։ Տղա­քը ծա­փող­ջոյն­նե­րու ներ­քեւ ստա­ցան ի­րենց վկա­յա­կան­նե­րը եւ ի­րենց ի պա­տիւ հա­տուե­ցաւ կար­կան­դակ մը։  Գալ­ֆաեա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը դպրո­ցէն հրա­ժեշտ ա­ռին ա­ռար­կայ դառ­նա­լով բո­լո­րի ջերմ վե­րա­բեր­մուն­քին, նաեւ ա­պա­գա­յի հա­մար բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ փո­խա­նա­կե­լով ի­րա­րու մի­ջեւ։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015