ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ
Համայնքային վարժարաններու ընթացաւարտ դասարաններէ աշակերտներ, որոնք կրօնքի դասերուն մէջ լաւագոյն արդիւնքները ձեռք ձգած էին, 16 Յունիս 2016, Հինգշաբթի, ժամը 18.00-ին, համախմբուեցան Պատրիարքարանի պարտէզին մէջ։ Հանդիսութեան նախագահեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ներկայ էին Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, ծնողներ եւ ուսուցիչներ։
Հանդիսավարութեան պաշտօնը կատարեց Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ աշակերտները մի առ մի հրաւիրեց, որպէսզի Նորին Սրբազնութեան ձեռամբ ստանան Պատրիարքական Աթոռոյ գնահատագրերն ու յուշանուէրները։ Գնահատագրերու յանձնումէն յետոյ Սահակ Սրբազան իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն եւ շնորհաւորեց բոլոր ընթացաւարտ աշակերտները, որոնք լաւագոյն արդիւնքները ձեռք ձգած էին կրօնքի դասերուն մէջ։ Սրբազան Հայրը յորդորեց աշակերտներուն, որպէսզի կրօնքի դասերը չվերածուին այլ դասերու եւ չմնան վարժարաններու գրասեղաններուն վրայ։ Աշակերտներ վարժարաններու մէջ որոշ տեղեկութիւններ ստացած էին եւ այլեւս զանոնք կեանքի կոչելու օրը հասած էր։ Այնուհետեւ յիշեցուց, թէ ժողովուրդի մը գոյատեւման համար հոգին անհրաժեշտ է եւ կրօնքի դասերուն տրուած գիտելիքները հոգին զարգացնելու կը ծառայէ։ Այդ հոգիէն կ՚աճի թէ՛ հաւատքը, թէ՛ մշակոյթը եւ թէ՛ հայ քրիստոնեայ ինքնութիւնը։ Ընդգծեց, թէ Պատրիարքական Աթոռը այս շրջագծով գեղեցիկ աւանդութեամբ կը շարունակէ գնահատել աշակերտութիւնը։
Հանդիսութեան աւարտին, ներկաներ պատուասիրուեցան սեղաններու շուրջ։
Պարգեւատրեալ աշակերտները ստորեւ կը ներկայացուին, ըստ հետեւեալի.
Անարատ Յղութիւն վարժարանէն՝ Մելիսա Մարազեան,
Արամեան-Ունճեան վարժարանէն՝ Լարա Ինճիլիօղզու,
Գալֆայեան վարժարանէն՝ Թալիա Էօզքայա, Գարօլին Չաղլը,
Գարակէօզեան վարժարանէն՝ Առէն Տեմիրճի, Ապայ Թէքքոլ,
Եշիլգիւղի վարժարանէն՝ Լարիսսա Թորոսօղզլու,
Էսաեան վարժարանէն՝ Սեսիլ Սէհէրեըլտըզօղլու, Արիս Թիրեաքիեան, Արիս Նշան, Թինա Տեմիրճի (լիսէ), Ռեմի Թաշը (լիսէ), Նարտա Տեմիրճի (լիսէ), Արա Պոզօղլան (լիսէ),
Թարգմանչաց վարժարանէն՝ Սեւակ Ուլուք, Գամէր Եըլտըզլը, Նորա Էօրտէքօղլու,
Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն՝ Մելինտա Կիւլիւք,
Մէրամէթճեան վարժարանէն՝ Սելին Թոմպաք,
Մխիթարեան վարժարանէն՝ Տարօն Սէյիր, Շիլա Փաքյիւզ, Իլոնա Քիւչիւքաքպուլութ, Սելինա Մանան (լիսէ), Հելին Մուրատեան (լիսէ), Լենա Չավտար (լիսէ),
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանէն՝ Խաչիկ Քարափընար,
Պէզճեան Մայր վարժարանէն՝ Ժպիտ Ալլահվէրտեան,
Սահակեան-Նունեան վարժարանէն՝ Թալիա Թուանա Տաղ, Դաւիթ Թանէր, Անի Տիանա Գույումճու (լիսէ), Արտա Չոր (լիսէ), Թամար Սարեան (լիսէ), Լիա Իւրնէշլիօղլու (լիսէ), Նարօտ Կէզ (լիսէ), Երազ Չաղլաեան (լիսէ), Լետա Տամար (լիսէ),
Տատեան վարժարանէն՝ Արա Արտա Քէօսէօղլու, Թալիա Պալճը,
Կեդրոնական վարժարանէն՝ Առլին Թունչ, Արամ Մարքօ Թուրաչ, Լարիսսա Խաչիկօղլու,
Սուրբ Խաչ դպրեվանքէն՝ Նատին Սարգիսեան, Ասլին Ճէհէրեան, Սերհաթ Եըլտըրըմ։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024