ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԸ ՁԵՌՆԱՄՈՒԽ ԲՆԱՊԱՀՊԱՆԱԿԱՆ ՇԱՐԺՄԱՆ

Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի նախաձեռնութեամբ այս ամառ մասնաւոր հետաքրքրութիւն ցուցաբերուած է բնապահպանութեան։ Մասնաւորապէս տղաքը, ինչպէս նաեւ կղզեբնակները առաւել եւս զգուշացնելու նպատակաւ ի գործ դրուած են զանազան ծրագրեր։ Իւրաքանչիւր աշխատութիւն կը նպատակէ կանաչութեան կարեւորութիւնը շեշտել եւ մաքուր ու խնամեալ բնութեան ի նպաստ ծառայել։

Այս ծիրէն ներս 12 յուլիս ուրբաթ օր, կայանի հրաւէրին ընդառաջելով, Իրէն Պըչաքճը այցելեց Կազդուրման կայան, ուր «Կենսոլորտային հարց» խորագրեալ դասախօսութեամբ մանուկներուն բացատրեց, թէ բնութիւնը մարդկութեան կողմէ ինչպէ՞ս աւերուած է եւ այս կարեւոր հարցին հետեւանքները ինչե՞ր են։ Հիւր դասախօսը զրոյցի պահուն տղոց շեշտեց բնապահպանութեան կարեւորութիւնը եւ բնութիւնը պահպանելու ու բարելաւելու համար իր առաջարկները ներկայացուց։ Իր խօսքերուն մէջ մասնաւորապէս Կրեթա անուանեալ պատանիի մը ծնունդ տուած շարժման մասին արտայայտուելով՝ մատնանշեց, թէ մանուկներ եւս աշխարհի փրկութեան մէջ կարեւոր դերեր կրնան ստանձնել։

Կղզիի վրայ բնապահպանութեան ձեռնարկներու կարեւորագոյններէն մին հանդիսացաւ նախընթաց օր կատարուած մաքրութեան աշխատանքը։ Սոյն աշխատութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին. Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Կազդուրման կայանի տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու, խնամատար մարմնէն Տենչա Չընար եւ Լենա Ենիեորկան, ծրագրի օժանդակ Իրէն Պըչաքճը եւ իր ընկերները, ինչպէս նաեւ կայանի տղաքը։ «Մեր տունը՝ բնութեան տէր կանգնինք» խորագրեալ աշխատութեամբ՝ մեծ խումբ մը կայանէն ուղղուեցաւ դէպի նաւամատոյց։ Խումբը այցելեց շրջանի պարտէզները եւ այստեղ սկսաւ մաքրութեան աշխատութիւնը։ Այսպէս, տղաքը եւս վկայեցին, թէ հանրութեան բաց վայրերու մէջ մասնաւորապէս մաքրութիւնը պէտք է տիրապետէ եւ աղտոտ բնութիւն մը, վատօրէն կ՚ազդէ շրջանի բոլոր բնակիչներուն։ Միասնաբար կատարուած աշխատութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի շրջանի ժողովուրդը եւս իրազեկ դառնայ բնապահպանութեան կարեւորութեան։ Աշխատութեան աւարտին՝ ներկաներ բնութիւնը պահպանելու կոչ ուղղեցին։

Նոյն օրը, երեկոյեան ժամերուն, հայր սուրբի հրաւէրով, Իրէն Պըչաքճը, ընկերակցութեամբ Տենչա Չընարի, այցելեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Եկեղեցւոյ սրահին մէջ եւս տեղի ունեցաւ տղոց ուղղեալ դասախօսութիւն մը, որով եկեղեցւոյ աշխատութեանց մասնակից փոքրեր եւս լսեցին բնապահպանութեան կարեւորութիւնը։ Այս առթիւ հայր սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց հիւր դասախօսին եւ յայտնեց, թէ բնութիւնը եւս մաս կը կազմէ Աստուծոյ ստեղծագործութեան, որուն գագաթնակէտը կը հանդիսանայ մարդկութիւնը։ Այնուհետեւ, բնապահպանութիւնը նաեւ Աստուծոյ ստեղծածին նկատմամբ սէր ունենալ է։

Հարկ է նշել, թէ ծրագրի բոլոր հանգրուանները կը նկարուին նաեւ Աթոմ Շաշքալի կողմէ, որուն աշխատութեան որպէս արդիւնք ապագային պիտի պատրաստուի բնապահպանութեան կարեւորութիւնը շեշտող տեսերիզ մը։ Բնապահպանութեան ծրագրերը յառաջիկային եւս պիտի շարունակուին Գնալըի մէջ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 18, 2019