ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒՄ

Թրքահայ համայնքին ուշադրութիւնը շաբաթավերջին կեդրոնացած էր Վաքըֆլըգիւղի վրայ, ուր հանգստեան կոչուած պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի յիշատակին ձօնուած հովուատան բազմավաստակ մշակութային համալիրի բացումը կատարուեցաւ հանդիսաւորապէս։ Գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անմիջական հարեւանութեամբ կառուցուած համալիր մըն է այս մէկը։ Շինարարութեան աշխատանքները վերջին տարիներուն միշտ զբաղեցուցին մեր համայնքին օրակարգը եւ շնորհիւ մեր ազգայիններէն Միհրան Ուլիկեանի գլխաւորութեամբ գործադրուած ջանքերուն՝ կարեւոր ծրագիր մը ի կատար ածուեցաւ, ի նպաստ Վաքըֆլըգիւղի։ Շաբաթավերջին այս համալիրի բացման պաշտօնական արարողութեան առթիւ ապրուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Գիւղին մէջ տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ՝ մասնակցութեամբ մեր համայնքէն բազմաթիւ գործիչներու եւ յայտնի դէմքերու։ Օրհնութեան կարգին հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ պաշտօնական հիւրեր, որոնք փութացած էին բաժնելու վաքըֆլըգիւղցիներու ոգեւորութիւնը։

Երկու օրերու վրայ տարածուած ծրագիր մը գործադրուեցաւ Վաքըֆլըգիւղի մէջ՝ հովուատան բազմանպատակ մշակութային համալիրի բացման առթիւ։ Շաբաթ երեկոյեան մշակութային կեդրոնի երդիքին տակ սարքուեցաւ ընթրիք մը, որ նախատեսուած էր մեծարելու համար այս ծրագրին բարերարները։ Ներկայ էին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, գիւղի հովիւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, տիրամայր Մարի Մութաֆեան եւ մեր համայնքէն այլ բազմաթիւ դէմքեր։ Դահլիճի երդիքին տակ մեծ ուրախութեան մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ, ինչ որ արդար արդիւնքն էր Վաքըֆլըգիւղի մէջ արձանագրուած այս կարեւոր ձեռքբերումին։ Ելոյթներով հանդէս եկան Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Ծխական խորհուրդի ատենապետ Ճէմ Չափար, Կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Միհրան Ուլիկեան։ Ներկայ էին գիւղապետ Պերճ Քարթուն եւ գիւղի բազմաթիւ պատասխանատուներ։ Վերյիշուեցան 1997 թուականի եկեղեցւոյ օծման արարողութենէն դրուագներ։ Ընթրիքէն վերջ աւանդական բոլոր մասնակիցները հաւաքուեցան գիւղին հրապարակին վրայ, ուր «Ոմանք» խումբը հանդէս եկաւ համերգով մը։ Ժողովուրդը պար բռնեց բարձր տրամադրութեամբ եւ բոլորը զուարճացան մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը՝ մինչ սկսած էր նաեւ աւանդական հարիսայի պատրաստութիւնը։ Գիշերուան ժամերուն ելոյթներով հանդէս եկան Միսաք Հերկել եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ «Ոմանք»ի գործադրած երաժշտական յայտագրին զուգահեռ՝ գիւղի երիտասարդներն ալ իրենց երգերով ու պարերով մասնակցութիւն բերին այս յատկանշական գիշերուան։ Բոլոր ելոյթ ունեցողները եւ բոլոր մասնակիցները կարեւորութեամբ ընդգծեցին, որ շնորհիւ Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանի Վաքըֆլըգիւղը անմիջականօրէն մաս կազմել սկսած էր թրքահայ համայնքային կեանքին եւ իբր այդ երախտագիտութեամբ վերյիշուեցան իր կողմէ գործադրուած ջանքերը։

Իսկ երէկ առաւօտ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագին հանդիսապետեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Բոլոր հիւրերը գիւղին մէջ առաւօտուն պատուասիրուեցան աւանդական նախաճաշով եւ աւելի վերջ փութացին եկեղեցի, մասնակցելու համար Ս. Պատարագին։ Հանդիսադիր սրբազան հայրը արարողութեան ընթացքին ընթերցեց նաեւ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի պատգամը։ Ս. Պատարագէն վերջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, կատարուեցան անդաստան եւ ռեհանօրհնէք եւ ի վերջոյ օրհնուեցաւ նաեւ աւանդական հարիսան, որ բաժնուեցաւ ժողովուրդին։

Արդէն կարգը եկած էր մշակութային կեդրոնի պաշտօնական բացման արարողութեան։ Այս առթիւ Վաքըֆլըգիւղ ժամանեցին Հաթայի քաղաքապետ Լիւթֆի Սավաշ, Սամանտաղի գաւառապետ Ճահիտ Չելիք, Սամանտաղի քաղաքապետ Միթհատ Նեհիր, Հաթայի միւֆթի Համտի Քաւիլլիօղլու, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ այլ պաշտօնական հիւրեր։ Այս բոլորը ունեցան ելոյթներ։ Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին նաեւ Ճէմ Չափար եւ Միհրան Ուլիկեան։ Ի վերջոյ խորհրդանշական կարմիր երկար ժապաւէն մը հատուեցաւ ծափողջոյններու մթնոլորտին մէջ։ Այս փուլը արդէն բնորոշեց, որ նորակառոյց մշակութային կեդրոնը արդէն Վաքըֆլըգիւղի տրամադրութեան տակ էր։ Պաշտօնական հիւրերու համար սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը։

Նորակառոյց համալիրը, որ եռայարկ է, ունի ինն հիւրասենեակներ։ Կ՚ընդգրկէ հովուատուն մը։ 150 քառակուսի մեթր տարածութեամբ դահլիճ մը կ՚ընդգրկէ համալիրը, ուր նոյն տարածութեամբ կայ նաեւ արտադրամաս մը։ Այդ արտադրամասը անուանուած է մեր ազգայիններէն Միհրան Ուլիկեանի անունով՝ հաշուի առնելով անոր կողմէ գործադրուած երախտաշատ ջանքերը։ Համալիրը կ՚ընդգրկէ նաեւ թանգարանի բաժին մը, սակայն այս թանգարանը պիտի պատրաստուի եւ անոր բացումը պիտի  կատարուի ապագային։

Շինարարական աշխատանքները վերահսկած են Միհրան Ուլիկեան եւ ճարտարապետ Նազար Պինաթլը։ Լեւոն Էրասլան, Սասնուհի Մուշլուեան եւ այլ անուններ իրենց նպաստը բերած են ծրագրին։ Ընդհանուր առմամբ «Հայճար» մօտիկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուած է այս ծրագրին նկատմամբ։ Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ շրջանին այս համալիրէն ներս դասընթացքներ ալ կազմակերպուին գիւղի փոքրիկներուն համար։ Ներկայիս Վաքըֆլըգիւղի մէջ կը բնակի շուրջ 160 հոգի, կան 35 բնակարաններ։ Այսպէսով իր աւարտին հասաւ բացման արարողութեան պաշտօնական ծրագիրը։ Յետմիջօրէէն սկսեալ գիւղ մեկնած մեր ազգայինները հետեւեցան ազատ ծրագրի մը։ Անոնք իրարու հետ հաճելի ժամանց ունեցան՝ վայելելով գիւղի բնական գեղեցկութիւնները եւ ջերմ մթնոլորտը։ Իսթանպուլէն մեկնած մեր ազգայինները երէկ գիշերն ալ անցուցին Վաքըֆլըգիւղի մէջ՝ հաղորդ դառնալով Մուսա լերան շրջանի խոր աւանդութիւններուն եւ այսօր օրուան երկրորդ կէսին արդէն կը պատրաստուին քաղաքս վերադառնալ՝ իրենց զօրակցութիւնն ու մշտական աջակցութիւնը արտայայտելով վաքըֆլըգիւղցիներուն նկատմամբ։

             

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2017