«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՀԻՄՆԱՐԿԻՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ «ՊՈՂԱԶԻՉԻ» ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

«Հրանդ Տինք» հիմ­նար­կի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այս շա­բա­թա­վեր­ջին «Պո­ղա­զի­չի» հա­մալ­սա­րա­նին մէջ պի­տի կազ­մա­կեր­պուի խորհր­դա­ժո­ղով մը, որ խո­րագ­րուած է «Ոչն­չա­ցուած քա­ղա­քակր­թու­թիւն. ոչ-իս­լամ­նե­րու ստա­ցուած­քը՝ ուշ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան եւ վաղ Հան­րա­պե­տա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին»։

Հիւ­րըն­կալ հա­մալ­սա­րա­նին ա­ռըն­թեր, «Պիլ­կի» եւ «Սա­պան­ճը» հա­մալ­սա­րան­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած է այս գի­տա­կան հա­ւա­քոյ­թը, որ ու­նի եր­կօ­րեայ ծրա­գիր մը։ «Պո­ղա­զի­չի» հա­մալ­սա­րա­նի «Ալ­պերթ Լոնկ» դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան գի­տա­կան նիս­տե­րը, ո­րոնց աշ­խա­տան­քա­յին լե­զուն է անգ­լե­րէնն ու թրքե­րէ­նը։ Խորհր­դա­ժո­ղո­վի եր­կօ­րեայ աշ­խա­տան­քի նա­խագ­ծով, ութ նիս­տե­րու ձե­ւա­չա­փին մէջ նիւ­թը զա­նա­զան մաս­նա­գէտ­նե­րու կող­մէ պի­տի մա­տու­ցուի բա­զում ե­րե­սակ­նե­րով։

Իսկ ա­ւար­տին նա­խա­տե­սուած է նաեւ ներ­կա­յա­ցուե­լիք զե­կու­ցում­նե­րուն լոյ­սին տակ ընդ­հա­նուր ամ­փո­փում մը։

Ծա­նօթ է, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն «Հրանդ Տինք» հիմ­նար­կի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ա­մէն տա­րի կը կազ­մա­կեր­պուին նման խորհր­դա­ժո­ղով­ներ, ո­րոնց կը հրա­ւի­րուին թուրք, հայ եւ օ­տար մաս­նա­գէտ­ներ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2015