ԱՏԱՄՆԱԲՈՅԺ ՌՈՒՏԻ ՊՕՅԱՃԵԱՆ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԻՆ ՆՈՒԱՃԵՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՌԱՋՆՈՒԹԻՒՆԸ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր հա­մայն­քի ար­ժէ­քա­ւոր ե­րի­տա­սարդ­նե­րէն ա­տամ­նա­բոյժ Ռու­տի Պօ­յա­ճեան կա­րե­ւոր յա­ջո­ղու­թիւն ար­ձա­նագ­րած է իր մաս­նա­գի­տա­կան աշ­խա­տան­քին մէջ։ Այս­պէս, հա­մա­պա­տաս­խան քննու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով ան նուա­ճած է Թուր­քիոյ ա­ռաջ­նու­թիւ­նը։

Ռու­տի Պօ­յա­ճեան, որ ծնած է 1991 թուա­կա­նին, ա­ւար­տած է Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նը եւ ա­ւե­լի վերջ յա­ճա­խած՝ Գա­տը­գիւ­ղի «Ա­նա­տո­լու» լի­սէն։ Իս­թան­պու­լի հա­մալ­սա­րա­նի Ա­տամ­նա­բու­ժու­թեան ֆա­քիւլ­թէէն վկա­յուած է փայ­լուն յա­ջո­ղու­թեամբ եւ իր ճիւ­ղի մաս­նա­գի­տա­կան քննու­թեան ար­դիւն­քին յա­ջո­ղա­գոյ­նը դա­սուած է ամ­բողջ Թուր­քիոյ մէջ։

Այս առ­թիւ ջեր­մօ­րէն կը շնոր­հա­ւո­րենք Ռու­տի Պօ­յա­ճեա­նը եւ ի­րեն կը մաղ­թենք նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ։ 

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2015