ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տե­միրն ու իր ըն­կեր­նե­րը։ Թա­ղա­կան­նե­րուն հետ էր նաեւ թա­ղի հո­գե­ւոր հո­վի­ւը՝ Տ. Յու­սիկ Քհնյ. Հէր­կէ­լեան։

Հարկ է նշել, որ այս տա­րի Պա­քըր­գիւ­ղի ա­ւան­դա­կան սի­րոյ սե­ղա­նը պի­տի սար­քուի Դեկ­տեմ­բե­րի 13-ին, ի նպաստ թա­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նին։ Այս փու­լին ըն­դա­ռաջ Պա­քըր­գիւ­ղի թա­ղա­կան­նե­րը փա­փա­քած էին Պատ­րիար­քա­րան այ­ցե­լել եւ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցել՝ թա­ղի ընդ­հա­նուր կա­ցու­թեան շուրջ։ Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան մաս­նա­ւոր ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձաւ Տա­տեան վար­ժա­րա­նի նո­րա­կա­ռոյց շէն­քը, որ այս շա­բա­թա­վեր­ջին մաս­նա­ւոր հա­ւա­քոյ­թով մը պի­տի ներ­կա­յա­ցուի հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն։ Պա­քըր­գիւ­ղի թա­ղա­կան­նե­րը Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը հրա­ւի­րե­ցին ներ­կայ գտնուե­լու թէ՛ այս շա­բա­թա­վեր­ջի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման եւ թէ տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նին։

Իր կար­գին, Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը գնա­հա­տեց մեր այս հա­յա­հոծ թա­ղէն ներս տա­րուած բազ­մա­կող­մա­նի աշ­խա­տան­քը ու մա­նա­ւանդ կրկնեց ու­րա­խու­թիւ­նը՝ Տա­տեան վար­ժա­րա­նի նոր շէն­քի կա­ռուց­ման ծրագ­րին ի կա­տար ա­ծուե­լուն ա­ռըն­չու­թեամբ։ Վե­րա­հա­սու դառ­նա­լով վեր­ջին նո­րու­թիւն­նե­րուն՝ ան թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն փո­խան­ցեց իր օրհ­նու­թիւն­նե­րը եւ յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­նե­րը ա­պա­գայ գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար։

Միւս կող­մէ, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ Ե­նի­գա­բուի Ս. Թա­դէոս Բար­թո­ղի­մէոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Զրոյ­ցին ներ­կայ էր նաեւ թա­ղի հո­գե­ւոր հո­վի­ւը՝ Տ. Տի­րան Ա. Քհնյ. Րէի­սեան։

 

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2015