ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ՝ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ թաղի հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Նկատի ունենալով, որ շաբաթավերջին նախատեսուած է Եշիլգիւղի վարժարանի ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանը՝ թաղականները փափաքած էին այցելել Պատրիարքարան՝ ստանալու համար նորին սրբազնութեան օրհնութիւնը։ Զրոյցի տեւողութեան թաղականները տեղեկութիւններ փոխանցեցին եկեղեցւոյ եւ դպրոցի ընդհանուր կացութեան շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ անոնք մասնաւորապէս շեշտը դրին նոր սերունդի ուղղեալ նախաձեռնութիւններուն վրայ։

Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան գնահատեց եշիլգիւղցիներուն կողմէ տարուած աշխատանքը եւ մատաղօրհնութեան սեմին յղեց իր օրհնութիւնները, նաեւ յաջողութեան ու կարողութեան մաղթանքները։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2017