ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԿՈՂՄԷ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Տարուան վերջին օրը նախատեսուած է Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը, իբր այդ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները նախօրէին փափաքած էին այցելել Պատրիարքարան՝ ստանալու համար Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի օրհնութիւնը։ Զրոյցի տեւողութեան թաղականները ընդգծեցին, որ հայ բնակչութենէ նօսրացած այս թաղին մէջ Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ կանթեղը կը մնայ վառ։ Հոգեւոր հովիւի, թաղային խորհուրդի եւ Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի համատեղ ջանքերով Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցիէն ներս կը տիրէ աշխուժութիւն եւ զանազան թաղերէ հաւատացեալներ կը շէնցնեն մեր այս սրբատեղին։

Նորին սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց թաղային խորհուրդի կողմէ ծաւալուած գործունէութեան կապակցութեամբ եւ իր գնահատանքը արտայայտելու առընթեր փոխանցեց օրհնութիւնները, յաջողութեան ու կարողութեան մաղթանքները։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2017