ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ՝ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբը անցեալ շաբաթավերջին այցելեց Ս. Թագաւոր եկեղեցի, ուր մասնակցեցաւ կիրակնօրեայ արարողութեանց։ Ս. Պատարագը մատոյց՝ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ներկայ էր եկեղեցւոյ երէց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Զուարթնոց երգչախումբի անդամները տպաւորիչ ձեւով կատարեցին երգեցողութիւնները՝ ղեկավարութեամբ Գէորգ Չաղլըչուպուճքուի եւ երգեհոնահարութեամբ Մասիս Սասուն Քափի։ Զուարթնոցին միացան նաեւ Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբէն անդամներ։

Նախքան Տէրունական աղօթքը, քարոզիչ հայր սուրբը անդրադարձաւ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի վարքին ու շեշտեց Աստուծմէ պատիւ ստանալու գաղափարը։ Մասնաւորապէս ըսաւ, թէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ Քրիստոսով պատուըւած է եւ պէտք է գիտնայ իրեն ընծայուած պատիւին արժէքը։ Ան հրաւիրեց Ս. Յակոբի կենաց պատգամին ծանօթանալու եւ այդ կեանքէն հոգեւոր դաս մը քաղելու։ Այս ուղղութեամբ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի առաջնորդէ հաւատացեալները եւ անոնք սուրբերու կեանքի նպատակին ծանօթ անձեր դառնան ու այդ ճամբով արժանի ըլլան աստուածային շնորհներուն։

Արարողութեան աւարտին հանգստեան աղօթքներով յիշատակուեցաւ նաեւ Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ ընտանիքի վաստակաւոր անդամներէն Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Կիւլեան, որ վերջերս վախճանած էր Գանատայի մէջ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, ներկաներ համախմբուեցան եկեղեցւոյ «Պալըքճեան» սրահին մէջ ու հիւրընկալուեցան եկեղեցւոյ տիկնանց կազմին կողմէ։ Յանուն Ս. Թագաւոր երգչախումբին, Կարօ Ուրարակիր Դպիր Հալէպեան ողջոյնի խօսք մը արտասանեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց քոյր դպրաց դասու անդամներուն, որոնք փութացած էին Գատըգիւղ եւ աղօթակից դարձած էին իրենց։ Հաւատացեալներ եւս Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ ներկայ ըլլալով մեծապէս ուրախ էին ու իրենց սրտի խօսքերով յայտնեցին այս երջանկութիւնը։ Այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեցին հայր սուրբին եւ տեղւոյն պատկան մարմիններուն, որոնք երգչախումբը հիւրասիրելու ազնուութիւնը ունեցած էին։

Հուսկ, հայր սուրբը իր խօսքը ուղղեց բոլոր ներկաներուն ու մեծապէս գնահատեց Զուարթնոց դպրաց դասու ամդամներու պարտաճանաչութիւնը։ Ան մաղթեց, որ յետ բարեզարդման աշխատութեանց Ս. Յովհաննէս եկեղեցին պաշտամունքի վերաբացուի եւ երգչախումբը իր օրհնեալ գործունէութեամբ շարականերրը հնչեցնէ նորաօծ եկեղեցւոյ մէջ։

Սիրոյ սեղանի աւարտին բոլոր ներկաները միասնաբար երգեցին Ս. Ծննդեան երգեր ու ոգեւորիչ տրամադրութեամբ իր աւարտին հասաւ կիրակնօրեայ արարողութիւնը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2018