ԳՈՅԺ. ՈՉ ԵՒՍ Է ԿԱՐՊԻՍ ՈՒՂՈՒՐԼՈՒԵԱՆ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի այնքան սիրուած ու յարգուած դէմքերէն մին՝ Կարպիս Ուղուրլուեան։ Իր սերունդի ամենայատկանշական դէմքերէն մին էր Կարպիս Ուղուրլուեան, որ թրքահայ կեանքէ ներս կը վայելէր թէ՛ մեծ համակրանք եւ թէ մեծ վստահութիւն։ Երկար տարիներ ան մեր հաւաքական կեանքէն ներս զբաղեցուցած էր բազմակողմանի պաշտօններ։ Եղած էր, մանաւանդ, Գալֆաեան Տան խնամակալութեան բազմամեայ ատենապետը։ Պատրիարքարանէ ներս ալ զբաղեցուցած էր պաշտօններ։ Որպէս կամաւոր վիթխարի աշխատանք տարած էր համայնքէն ներս, նաեւ իր հիմնած «Փոլարիս» զբօսաշրջութեան ընկերութեան միջոցաւ տասնամեակներ շարունակ իրերայաջորդ ուխտագնացութիւններ կազմակերպած էր դէպի Հայաստան։ Այս ձեւով ան ստանձնած էր առաքելութիւն մը, որու շնորհիւ եզակի կամուրջ մը ստեղծուած էր իսթանպուլահայութեան եւ Հայաստանի միջեւ։ Իր յանձնառութիւնները երկարաժամկէտ նշանակութիւն ունեցած էին եւ ան միշտ իր ստանձնած պատասխանատուութիւնները յառաջ տարած էր հաղորդական բնաւորութիւնով եւ համերաշխ ձեւով։ 1925 թուականին ծնած Կարպիս Ուղուրլուեան վերջին շրջանին կը տառապէր առողջական լուրջ խնդիրներէ ու կը վայելէր իր հարազատներուն խնամքն ու հոգածութիւնը։ Ան անջնջելի հետք մը թողած է բոլոր անոնց վրայ, որոնք զինքը ճանչցած են, առարկայ դարձած՝ իր նախանձախնդիր եւ նուրբ վերաբերմունքին։ Յառաջիկայ շաբթուան մէջ՝ Յունուարի 25-ին Կարպիս Ուղուրլուեան պիտի նշէր իր ծննդեան տարեդարձը, սակայն Նախախնամութիւնը եկաւ կանխել այդ հանգրուանը եւ ան ի Տէր հանգաւ քաղցր ու անթառամ յիշատակ մը թողլով իր սիրելիներուն մօտ։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Կարպիս Ուղուրլուեանի բարի հոգւոյն ու մեր խորազգած ցաւակցութիւնները կը յայտնենք որդիներուն՝ Հմայեակ Ուղուրլուեանին, Տքթ. Արա Ուղուրլուեանին եւ բոլոր ընտանեկան պարագաներուն։