ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ՄԷՋ ԿՈՐՈՒՍՏ
Տիարպաքըրի մէջ մահկանացուն կնքեց քաղաքի վերջին հայերէն Սարգիս Էքէն, որ 25 օրէ ի վեր դարմանում կը տեսնէր «Տիճլէ» համալսարանի հիւանդանոցին մէջ։ 2014 թուականին ան կորսնցուցած էր իր 65 տարուան կողակիցը՝ Պայծառ Էքէնը, որու մահէն վերջ իր կեանքն ալ դուրս եկած էր բնականոն հունէն։
86-ամեայ Սարգիս Էքէն առողջական երկար վերիվայրումներէ վերջ նախընթաց օր մահկանացուն կնքեց Տիարպաքըրի մէջ։ Ան ծնած էր Սիլվանի Պաշպուք գիւղին մէջ։ 55 տարիէ ի վեր կը բնակէր քաղաքի կեդրոնի ասորի եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։ Շրջանի անվտանգութեան պայմաններուն բերումով, յուղարկաւորութիւնն ալ տեղի ունեցաւ նոյն եկեղեցւոյ մէջ, որովհետեւ Ս. Կիրակոս հայոց եկեղեցւոյ գտնուած շրջանին մէջ փողոց դուրս գալ հնարաւոր չէ։