ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐԸ ՄԵՏԱՅԼԱԿԻՐ

Շիշլի մարզակումբի ներկայացուցիչները վերջին օրերուն մասնակցեցան Իսթանպուլի մինչեւ 14 տարեկաններու մարմնամարզի մրցաշարքին, որու արդիւնքով ապահովեցին փայլուն նուաճումներ։ Շիշլիցի մարզիկները նուաճեցին՝ Պուրսայի մէջ ամսավերջին նախատեսուած Թուրքիոյ առաջնութեան մասնակցելու իրաւունքը։ Իսթանպուլի մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Աթագիւղի ողիմպիական աւանին մէջ։ Շիշլիցիները հանդէս եկան՝ մարզիչ Հաքան Կիւնարթանի եւ այս մարզաոճի պատասխանատու Ժիլտա Պալի մականին ներքեւ։

Ուրբաթ, Յունուար 19, 2024