Շաբաթ 23, Նոյեմբեր 2024
ՊԱԼԱԹԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՐ ՅԱՐԱՏԵՒ ՋԱՆՔԵՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յակոբ Տուրսունն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Մինչ ներկայիս ուխտավայր դարձած այս եկեղեցւոյ մէջ բարեկարգման աշխատանքներ յառաջ կը տարուին, թաղային խորհուրդը վարչական գետնի վրայ ալ հետամուտ է կալուածները առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ արժեւորելու։ Թաղականները Նորին Ամենապատուութեան նկատառման յանձնեցին այս ուղղութեամբ ապահովուած ձեռքբերումները։
Նորին Ամենապատուութիւնը այդ բոլորին վերահասու դառնալով՝ թարմ տեղեկութիւններու լոյսին տակ ըրաւ խորհրդածութիւններ։ Հուսկ, ան օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքը փոխանցեց թաղականներուն։
Ուրբաթ, Յունուար 19, 2024