ՊԱՏԿԱՌԱԶԴՈՒ ԵՒ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ

Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան այժմ արդէն նախկին մշտական ներկայացուցիչ, Եթովպիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սահակ Սարգսեան Պոլիսէն Ատիս Ապապա կ՚ուղղուի՝ երախտիքի, գնահատանքի եւ համակրանքի տարափի մը ներքեւ։ Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ նախընթաց օր իրեն եւ կողակցին՝ Արփինէ Աւդալեանի ի պատիւ կազմակերպուած հրաժեշտի երեկոյթը իսկապէս պատկառազդու էր, փառաշուք եւ բոլոր մասնակիցներու յիշողութեան մէջ դարձաւ անմոռանալի։ Թէեւ բաժանումը ակամայ յուզումնախառն պայմաններ կը ստեղծէր, սակայն բոլորը նաեւ ուրախակից էին՝ օրուան մեծարեալի դիւանագիտական արհեստավարժ գործունէութեան մէջ արձանագրած վերելքին։

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի տանտիրութեամբ կեանքի կոչուած այս նախաձեռնութիւնը իսկապէս պոլսահայ արդի տարեգրութեանց մէջ կ՚ունենայ բացառիկ տեղ մը։ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան մշակութային ծրագիրներու՝ մեր համայնքի անդամներէն բաղկացեալ կամաւորներու կարգադիր յանձնախումբը կազմակերպած էր այս երեկոյթը։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի աւանդութիւններով ամենաբարձր մակարդակի վրայ նախաձեռնութիւն մըն էր այս մէկը՝ մանաւանդ, որ Նորին Ամենապատուութիւնը Պատրիարքական Աթոռի «Օրմանեան» շքանշանը շնորհեց մեծարեալին՝ համապատասխան օրհնութեան գիրով հանդերձ։ Համայնքային շրջանակները ընթրիքի ընթացքին ջերմօրէն ողջերթ մաղթեցին՝ քաղաքիս մէջ պաշտօնավարման ժամկէտը աւարտած Սահակ Սարգսեանին եւ ընդգծեցին իրենց վստահութիւնը, թէ ան նոր առաքելութեան մէջ եւս պիտի արդարացնէ իր վրայ դրուած յոյսերը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գնահատանքն ու շնորհաբաշխման կամքի վերաբերեալ մօտեցումները ամենահամոզիչ ձեւով հնչեցին երեկոյթին ժամանակ։ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի կողմէ հանդիսաւորապէս ընթերցուած օրհնութեան գիրին մէջ բոլոր հիմնաւորումներով շարադրուած էին այն գործօնները, որոնք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մղած էին այս տեղին կարգադրութիւնը ընելու։ Իսկ երեկոյթի հուսկ բանքին ընթացքին ան դիպուկ արտայայտութիւններով վերստին արժեւորեց Սահակ Սարգսեանի Իսթանպուլի մէջ հնգամեայ բազմակողմանի գործունէութեան դրական արդիւնքը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արձանագրեց, որ Սահակ Սարգսեան Ատիս Ապապա կ՚ուղեւորուի՝ ուրոյն հետք մը թողած ըլլալով պոլսահայ արդի տարեգրութեանց մէջ, ուր արձանագրուած կը մնան անոր բարի կամքն ու անկեղծութիւնը։ Բաց աստի, Նորին Ամենապատուութիւնը ձեռնարկի ընթացքին ընդգծեց մեծարեալին ձեռք բերած համբաւը՝ որպէս բարի ու ազնիւ անձնաւորութիւն։ Ան շեշտեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նկատմամբ Սահակ Սարգսեանի նախանձախնդրութիւնը եւ այս կէտին վրայ փոխանցեց նաեւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին բիւր օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր բարձր տնօրինութեամբ շնորհուած «Օրմանեան» շքանշանին առընթեր, կարգադիր յանձնախումբին կողմէ ալ Սահակ Սարգսեանին յանձնուեցաւ խորհրդանշական յիշատակ մը։ Այսպէս, իրեն նուիրուեցաւ յայտնի գեղանկարիչ Սայաթ Ուշաքլըկիլի ուրոյն ստեղծագործութիւններէն մին՝ ի յիշատակ Թուրքիոյ մէջ իր աշխատանքի տարիներուն։ Այստեղ, անշուշտ, կար նրբութիւն մը՝ քանի սա հաստատումն էր այն հանգամանքին, թէ Սահակ Սարգսեան մշակոյթի ոլորտը երբեք չէր անտեսած ու միշտ պահած էր ուշադրութեան կիզակէտին։

Նոյն ծիրին մէջ, մեր երաժշտական աշխարհի այնքան համակրելի աստղերն ալ բեմին վրայ տողանցեցին՝ ի պատիւ Սահակ Սարգսեանին եւ իրենց կատարողական վարպետութեամբ ջանացին անոր թարմ եռանդ պարգեւել նոր պաշտօնամուտի փուլին։ Այսպէս, յայտագրի երաժշտական բաժնին մէջ նախ երկու դասական գործերով հանդէս եկաւ Արթիւր Պաղտասարեան, որուն դաշնամուրով ընկերացաւ Մելինա Սեճիքեան-Քույումճու։ Պարթեւին ու կիթառին հետ գլուխ-գլուխի անցած վայրկեաններէն վերջ, երեկոյթի մասնակիցներու թէեւ կարճ, բայց երազային այս ուղեւորութիւնը աւարտին հասաւ Սիպիլի քնքոյշ ձայնով՝ Լուսինէ Յովհաննիսեանի նուագակցութեամբ։

Թէեւ համայնքին անունով, համայնքային երդիքի մը տակ կազմակերպուած հաւաքոյթ մըն էր այս մէկը, սակայն անոր բնոյթը միայն համայնքային չէր։ Արդարեւ, զանազան երկիրներու քաղաքիս աւագ հիւպատոսներն ու դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչները եւս փութացած էին ուրախակից ըլլալ իրենց հայ գործընկերոջ։ Սահակ Սարգսեանին հրաժեշտ տալու փութացած էին Իսթանպուլի մօտ Ռուսաստանի, Սպիտակ Ռուսիոյ եւ Մոլտովայի աւագ հիւպատոսները, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Յունաստանի հիւպատոսարաններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչները, որոնք Սահակ Սարգ-սեան-Արփինէ Աւդալեան ամոլին յղեցին բարեմաղթանքներ։

Մինչ բարձրաստիճան դիւանագէտներուն համար յատկացուած էր մասնաւոր սեղան մը, պատուոյ սեղանին շուրջ ալ տեղ վերապահուած էր Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար դեսպան Լազար Քոմանեսքուին, որ երեկոյթին մասնակցեցաւ իր կողակցին հետ։ Ան վերջին տարիներուն ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան կողմէ կազմակերպուած բոլոր ձեռնարկները պատուած էր եւ այդ հանգամանքին տրամաբանական շարունակութիւնը եղաւ Սահակ Սարգսեանի հրաժեշտի ընթրիքին ալ ներկայութիւնը։ Նորանշանակ դեսպան Սարգսեանն ալ հրաժեշտի խօսքին մէջ առանձնապէս անդրադարձաւ Լազար Քոմանեսքուի հետ ձեռք բերած սերտ համագործակցութեան։

Պատուոյ սեղանին շուրջ էին նաեւ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, ինչպէս նաեւ դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ ՍԾՏՀԿ-ի միջազգային քարտուղարութեան անձնակազմին մէջ ընդգրկուած է։

Սեղանակիցներու շարքին էին բարձրաստիճան հոգեւորականներ, որոնք եւս իրենց օրհնութիւնը տուին մեծարեալին։ Այսպէս, բացի Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանէն, ձեռնարկին մասնակցեցան Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Պըչաքճեան, ատենադպիր Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանէն Հայր Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Քազանճեան եւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան։

Բացի դիւանագէտներէն եւ հոգեւոր հայրերէն, համայնքային շրջանակներէն բազմատասնեակ դէմքեր համախմբուած էին ընթրիքի սեղաններուն շուրջ. ինչպէս՝ մատակարար մարմիններու ատենապետներ, կրթական մշակներ, հասարակական գործիչներ, բարերարներ, նաեւ տեղացի հիւրեր։

Թուրքիոյ եւ Հայաստանի դրօշներու գոյներով պատրաստուած ծաղկեփունջերով եւ ծաղկեկողովներով յարդարուած էին ամբողջ սրահն ու սեղանները, մինչ բոլորին թէ՛ հայկական եւ թէ թրքական գինի կը սպասարկուէր։ Հայերէնի ուսուցչուհի Մարալ Էպէօղլու-Սաթարի հանդիսավարութեամբ գործադրուեցաւ յայտագիրը։ Ան ծրագիրը վարեց երեք լեզուով՝ հայերէն, անգլերէն եւ թրքերէն, որպէսզի ամէն ինչ հաւասարապէս հասկնալի ըլլար լսարանին։ Լեզուի հանգամանքէն բոլորովին անկախ էր Մեծն Կոմիտասի «Վաղարշապատի պար»ով պատրաստուած պարքովիզիոնի ցուցադրութիւնը, որով շուրջ տասն վայրկեանի մէջ սալիկներու նման բոլորի աչքին առջեւէն անցան՝ Սահակ Սարգսեանի հնգամեայ գործունէութեան վառ դրուագները։

Երեկոյթի տեւողութեան կար երկու հիմնական ատենախօս։ Այսպէս, յայտագրին տեւողութեան ողջոյնի խօսք մը արտասանեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, որ համակարգած էր կարգադիր յանձնախումբին գործունէութիւնը։ Արա Գօչունեան յատկապէս ընդգծեց, որ անցեալ շուրջ հինգ տարիներուն մեր համայնքը բազմաթիւ առիթներով վկայած էր՝ Սահակ Սարգսեան դիւանագէտի ու անհատի խաղաղամէտ ու խաղաղասէր սկզբունքներուն։ Բաց աստի, դեսպան Լազար Քոմանեսքուն ալ սրտի խօսք մը արտասանեց՝ անկեղծօրէն շնորհաւորելով Սահակ Սարգսեանը։ Ան միեւնոյն ժամանակ գնահատեց նաեւ այսպիսի ձեռնարկի մը կազմակերպումը եւ ուրախութիւն յայտնեց իր մասնակցութեան համար։

Հանդիսութեան ամենայուզումնալի պահերը բնորոշեցին Սահակ Սարգսեանի հրաժեշտի խօսքի վայրկեանները։ Ան եւս արտայայտուեցաւ երեք լեզուով եւ ներկաներուն հետ խոհերն ու զգացումները բաժնելէ վերջ յուշանուէրներ յանձնեց մեր համայնքէն քանի մը դէմքերու, որոնք իր պաշտօնավարութեան շրջանին դրական ու պատրաստակամ վերաբերմունք ցուցաբերած էին Հայաստանի ներկայացուցչութեան նկատմամբ։

Ներկաները Սահակ Սարգսեանի նկատմամբ համակրանք արտայայտելու առիթ ունեցան նաեւ՝ իրեն համար պատրաստուած կարկանդակի հատման պահուն, երբ բոլորը բարձրացուցին հայկական քոնիաքի բաժակները։ Արդարեւ, յունուարի 11-ը իր տարեդարձն էր եւ կարգադիր յանձնախումբը անոր անակնկալ մը վերապահած էր՝ նկատի ունենալով, որ հրաժեշտի երեկոյթը կը զուգադիպէր նոյն օրերուն։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին ներկաները մի առ մի ձեռնուեցան ու ողջագուրուեցան Սահակ Սարգսեան-Արփինէ Աւդալեան ամոլին հետ։ Տեղի ունեցան նկարահանումներ թէ՛ ի յիշատակ այս անմոռանալի երեկոյթին եւ թէ ի հաստատումն բարեկամութեան։

      

Ուրբաթ, Յունուար 19, 2024