«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԸ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈՐՁԵՐ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ԲԱՐՁՐ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը դարձեալ խանդավառ պատրաստութիւններու շրջանի մը մէջ է։ Միութեան երդիքին տակ մարալցիները այս շրջանին ընդհանուր փորձեր կ՚իրականացնեն բարձր տրամադրութեամբ։

Ինչպէս հաղորդած էինք, «Թաթուլ Ալթունեան» Հայաստանի երգի-պարի պետական վաստակաւոր համոյթը այս շրջանին կը նշէ իր հիմնադրութեան 80-ամեակը եւ «Մարալ»ի նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ Իսթանպուլի մէջ յառաջիկայ ամսուան սկիզբին ելոյթ մը պիտի ունենայ իր յոբելեանին առթիւ։ «Մարալ»ի ընտանիքին եւ Հայաստանի այս համոյթին միջեւ գոյութիւն ունի առանձնայատուկ կապ մը։ Արդարեւ, 1970-ական թուականներուն, երբ «Մարալ» կը հիմնուէր, հանգուցեալ Պենոն Գուզուպաշ Երեւան կատարած այցելութիւններուն ժամանակ խորապէս ներշնչուած էր յիշեալ համոյթի օրինակէն։ Ներկայիս այդ խումբը հանգուցեալ Թաթուլ Ալթունեանի որդւոյն՝ Ժիրայր Ալթունեանի գլխաւորութեամբ կը պատրաստուի Իսթանպուլ այցելել եւ հանդէս գալ ելոյթով մը։ 63 հոգիէ բաղկացեալ բազմանդամ խումբին մաս պիտի կազմեն պարողներ, երգչախումբ ու նուագախումբ։ Համոյթը առաջին անգամ այսքան բազմանդամ կազմով մը պիտի իրականացնէ ուղեւորութիւն մը եւ այս ծրագրին համար կը վայելէ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութիւնը։

«Թաթուլ Ալթունեան» Հայաստանի երգի-պարի պետական վաստակաւոր համոյթն ու «Մարալ» միասնաբար հանդէս պիտի գան Իսթանպուլի համագումարներու կեդրոնի երդիքին տակ, Հարպիյէ։ 11 Մարտին նախատեսուած այս ձեռնարկէն վերջ «Մարալ»ն ալ փոխադարձ այցելութեամբ պիտի մեկնի Հայաստան եւ Յունիս ամսուան մէջ պիտի ունենայ ելոյթ մը։

Իսթանպուլի ելոյթի հիմնական հովանաւորը կը հանդիսանայ մեր համայնքի բարերարներէն Արէտ-Մոնիք Երկանեան ամոլը, որ միշտ կը զօրակցի մշակութային ծրագրերուն։ «Մարալ» համոյթի պատասխանատուները խորին երախտագիտութեամբ կ՚ընդգծեն Երկանեան ամոլի զօրակցութիւնը։

Էսաեան սանուց միութեան երդիքին տակ «Մարալ»ի տղաքը ներկայիս թափ տուած են փորձերուն եւ նախապատրաստական աշխատանքներուն, որոնք յառաջ կը տարուին Կարպիս եւ Իրիս Չափքան պարուսոյց ամոլի վերահսկողութեան ներքեւ։ Հերթական մեծ փորձերէն մին տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան եւ այս առթիւ մօտալուտ ձեռնարկի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Տիգրան Տիւլկէրեան  տեղեկութիւններ փոխանցեց մեր մամլոյ ներկայացուցիչներուն։ Ան մասնաւորապէս ընդգծեց, որ թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ սփիւռքէն մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերուի «Մարալ» համոյթին նկատմամբ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 19, 2018