ԸԼԼԱՆՔ ԻՍԿԱՊԷՍ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու յայտարարեց, որ Սիրքեճիի պատմական Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքի Պատրիարքական Աթոռին վերադարձուած ըլլալը ողջունելի իրադարձութիւն մըն է ու մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ մեր համայնքին տեսակէտէ։

Երբ Սանասարեանի վերադարձի լուրը լայն արձագանգ ստեղծած է համայնքային շրջանակներէն ներս, Պետրոս Շիրինօղլուի կարծիքը շօշափեցինք այս իրադարձութեան շուրջ եւ խնդրեցինք նաեւ տեղեկութիւններ՝ ցայսօր տարուած աշխատանքին իր ունեցած ներդրման մասին։ Ի պատասխան ան ըսաւ հետեւեալը. «Ամէն բանէ առաջ խորապէս երախտապարտ պէտք է ըլլանք մեր պետութեան նը-կատմամբ։ Եթէ չըլլար պետութեան բարեացակամ վերաբերմունքը, ապա դժուար թէ ապահովէինք այս ողջունելի ձեռքբերումը։ Միեւնոյն ժամանակ իսկապէս շատ շնորհակալ պէտք է ըլլանք Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին։ Արդարեւ, ան էր, որ առաջին իսկ օրէն հետապըն-դեց այս կարեւոր գործը, մեծ աշխատանք տարաւ իրաւական գետնի վրայ, ցուցաբերեց անըս-պառ եռանդ եւ ի վերջոյ յաջողեցաւ մեր Պատրիարքական Աթոռին եւ համայնքին համար ապահովել մնայուն արժէք մը, անգնահատելի ձեռքբերում մը»։

Մեր զրոյցին ընթացքին Պետրոս Շիրինօղլու ընդգծեց նաեւ, որ վերջին իրադարձութիւններով համայնքէն ներս կը սկսի նոր շրջան մը։ Այս նոր շրջանին մէկ կողմէ մեր համայնքը պէտք է ըլլայ համախումբ, իսկ միւս կողմէ մեր Պատրիարքական Աթոռի գործունէութիւնն ալ պէտք է հնարաւորինս բարեփոխել։ Ընդհանուր փոխանորդը առանձին պէտք չէ մնայ՝ ինչպէս եղաւ մօտաւոր անցեալին եւ ծագեցան լուրջ հետեւանքներ։ Այժմ ան-հըրաժեշտ է Պատրիարքական Աթոռին նկատմամբ աւելի յանձնառու եւ պատրաստակամ մօտեցում մը ցուցաբերել։

Պետրոս Շիրինօղլու համոզ-ւած է, որ մեր Պատրիարքական Աթոռը պէտք է ընէ ոստում մը եւ իր գործունէութիւնը դնէ նոր հարթութեան մը վրայ։ Այս բոլորին համար անհրաժեշտ են նաեւ նիւթական միջոցներ։ Մեր համայնքը ներկայիս լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ վարժարաններու պիւտճէները հաւասարակշռելու համար, իր միջոցները ամբողջութեամբ կը կեդրոնացնէ այդ նպատակին վրայ եւ ուրիշ գրեթէ որեւէ ծրագրի պարագային կարելի չ՚ըլլար աղբիւր հայթայթել։ Այս պայմաններուն ներքեւ, Սանասարեանի խոստացած հեռանկարները շատ կարեւոր են՝ որպէսզի Պատրիարքական Աթոռը ունենայ հասոյթի մշտական միջոցներ եւ շնորհիւ անոնց կատարելագործէ իր ծաւալած գործունէութիւնը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 19, 2018