ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Շաբաթավերջին աշխարհահռչակ մորթաբան Փրոֆ. Յակոբ Կոթողեան յաւերժութեան ուղեւորուեցաւ փառաշուք յուղարկաւորութիւնով մը։ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ համախմբուած հոծ թիւով սգակիրներ թէ՛ Յակոբ Կոթողեանի նկատմամբ արտայայտեցին իրենց վերջին յարգանքը եւ թէ բարոյական զօրակցութեան առարկայ դարձուցին իր ընտանիքը։ Արարողութեան նախագահեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ խօսեցաւ նաեւ կուռ դամբանական մը։ Մեր հոգեւորականաց դասու անդամներուն մեծամասնութիւնն ալ մասնակցեցան յուղարկաւորութեան։

Նորոգ հանգուցեալ Յակոբ Կոթողեանի դագաղը զետեղուած էր մահաբեմի վրայ՝ լուսաշող տաճարին ճիշդ կեդրոնը։ Մեր համայնքէն վեց վաստակաւոր բժիշկներ կերոն բռնեցին դագաղին շուրջ։ Վերջին հրաժեշտի պահը բոլորին համար իսկապէս ծանր էր, որովհետեւ թէ՛ հարազատներուն եւ թէ իր բոլոր սիրելիներուն տեսակէտէ դժուար էր մխիթարուիլ եւ հաշտուիլ Փրոֆ. Տքթ. Յակոբ Կոթողեանի անվերադարձ մեկնումի գաղափարին հետ։

Յուղարկաւորութենէն վերջ Յակոբ Կոթողեանի մարմինը փոխադրուեցաւ Պալըքլըի գերեզմանատունը, ուր ամփոփուեցաւ իր ընտանեկան դամբարանին մէջ։ Թաղման կարգը կատարուեցաւ՝ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի գլխաւորութեամբ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 19, 2018